Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան ոլորտին մէջ կարեւոր կը համարուի կառավարման առաւել արդիւնաւէտ համակարգի ձեւաւորումը:
Բուժօգնութեան վճարովի ծառայութիւններու աճի եւ բնակչութեան վճարունակութեան սուղ կարելիութիւններու պայմաններով` հասարակութեան ստուար հատուածը զրկուած է ժամանակին բուժուելու եւ անհրաժեշտ դեղամիջոցներ ձեռք բերելու առիթէն:
Պետական պիւտճէէն առողջապահութեան յատկացուող` սուղ միջոցներու զգալի մասը նպատակաուղղուած է համակարգի պահպանման: Հետեւաբար տուժած են բուժհիմնարկներն ու բուժաշխատողները: Արմատական բարելաւման կարիք կը զգայ նաեւ սննդամթերքի հետ կապուած վերահսկողութիւնը եւ բուժօգնութեան համակարգի եւ որակներու վերահսկումը:
Այս բնագաւառի մէջ արմատական փոփոխութիւններ կատարելու համար Դաշնակցութիւնը կը նախատեսէ`
— բժշկական ծառայութիւնը բոլոր խաւերուն համար դարձնել անվճար,
— առանձնակի ուշադրութիւն դարձնել շրջանային եւ համայնքային առողջապահութեան զարգացման, վերջիններուս մասնագիտական եւ նիւթաճարտարագիտական ասպարէզի ամրապնդումը,
— հեռաւոր եւ սահմանամերձ բնակավայրերը ապահովել որակեալ բժշկական անձնակազմով եւ ծառայութիւններով,
— բուժաշխատողներու աշխատավարձի ամենամեայ բարձրացում իրականացնել, վերանայիլ բժիշկներու վարձատրութեան համակարգը,
— բժշկական հաստատութիւններուն մէջ նոր ձեւաչափեր ներդնել,
— առողջապահութեան ոլորտէն ներս ներդնել ապահովագրական տնտեսական համակարգ,
— բարելաւել բժիշկներու վերապատրաստման եւ մասնագիտական կատարելագործման գործընթացը,
— ձեռնարկել գործնական քայլեր անհրաժեշտ պարագաներուն ԱՀ քաղաքացիներու բուժումը հանրապետութենէն դուրս կազմակերպելու համար: Այդ նպատակով պիւտճէի համապատասխան գումարներ նախատեսել: