«Երկիր».-Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան ընդունած է դիտորդական առաքելութեամբ 31 Մարտին ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով Արցախ ժամանած ՀՀ խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը:
Քննարկուած են սպասուող ընտրութիւններու կազմակերպական աշխատանքներուն առնչուող շարք մը հարցեր: Երկուստէք կարեւոր համարուած է 31 Մարտին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն դերը` որպէս Արցախի պետականաշինութեան գործընթացը ամրապնդող հերթական քայլ: