ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին ռազմական միջադէպին մասին յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ ըսուած է.
«Խստօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանի կողմէն իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին սրելու փորձերը, որոնց հետեւանքով վիրաւորուած է Տաւուշի մարզի Ոսկեւան համայնքի 14-ամեայ բնակիչը: Միեւնոյն ժամանակ նոյն հատուածին մէջ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմի ներթափանցման փորձը կանխելու ընթացքին վիրաւորուած է ՀՀ Զինեալ ՈՒժերու երկու զինծառայող:
Հրադադարի` որեւէ ձեւով չհրահրուած այս խախտումը որեւէ արդարացում չունի, յատկապէս այսօր, երբ աշխարհի բոլոր երկիրներու բժշկական տուեալները կեդրոնացած են պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարին: Այս գործողութիւններով Ատրպէյճանը կ’արհամարհէ միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարի` այս ժամանակաշրջանին զինադադարը անվերապահ պահպանելու եւ սադրիչ գործողութիւններէն ձեռնպահ մնալու կոչերը:
Այս ռազմական միջադէպը կը փաստէ, որ կամ ատրպէյճանական կողմը չի վերահսկեր սահմանին իր զինուած ստորաբաժանումներու գործողութիւնները, կամ կ’ուղղուի իրադրութեան միտումնաւոր սրման` կրելով անոր հետեւանքներու ողջ պատասխանատուութիւնը:
Այս գործողութիւններուն հետեւանքով տուժած մեր քաղաքացիներուն կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում»: