«Ապառաժ».-30 Մարտին, Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետի աշխատակազմի ղեկավար Արմէն Մովսիսեան, անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ Ջիւան Ղահրամանեանն ու հասարակական կարգի ապահովման բաժինի պետ Գագիկ Յարութիւնեան պատասխանած են ԱՀ եւ ՀՀ շարք մը զանգուածային լրատուամիջոցներու ներակայացուցիչներու հարցումներուն:
Ճեպազրոյցի թեման եղած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ կայանալիք համապետական ընտրութիւնները:
31 Մարտին տեղի ունենալիք Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու բնականոն ընթացքը, ընտրական յանձնաժողովներու ու անոնց անդամներու անկաշկանդ գործունէութիւնը, ընտրութիւններուն պատշաճ կարգ ու կանոն, ընտրական փաստաթուղթերու անվտանգ տեղափոխումն ու անոնց պահպանումը ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ ապահովելու եւ ընտրական յանձնաժողովին աջակցելու նպատակով ԱՀ ոստիկանութեան պետ, գեներալ-լեյտենանտ Լեւոն Մնացականեանի 27 Յունուարի հրամանով 3 Փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կեդրոնական ապարատէն ներս ստեղծուած է առարկայական շտապ:
Ընտրութիւններու ընթացքին, պատշաճ հասարակական կարգ եւ անվտանգութիւն ապահովելու նպատակով, ոստիկանութեան տարածքային ստորաբաժանումներուն մէջ ձեւաւորուած են ոստիկանութեան վերակարգեր: Ոստիկանութեան ծառայութիւնը ընտրական տեղամասերուն մէջ սկսած է քուէարկութեան նախորդ օրը:
Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընտրողներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ` 103 663, որոնցմէ 776-ը` համապետական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին Երեւան քաղաքին մէջ ձեւաւորուած ընտրական տեղամասով: Ընդհանուր առումով կազմաւորուած է 282 ընտրատեղամաս:
Ընտրախախտումներու մասին ԱՀ ոստիկանութիւնը 7 հաղորդում ստացուած է, որոնցմէ երկուքով յանցակազմի բացակայութեան պատճառով քրէական գործ հարուցելը մերժուած է, երկուքը` ուղարկուած է ըստ ենթակայութեան, իսկ մնացած 3-ով` կատարուած են համապատասխան ստուգումներ:
ԱՀ ոստիկանութիւն