«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան մէջ մեկնարկած են նախագահական եւ խորհրդարանական համապետական ընտրութիւնները: 31Մարտին ժամը 08:00-ի դրութեամբ բացուած են կազմաւորուած 282 ընտրական տեղամասերը, որոնցմէ 1-ը կը գտնուի Երեւան` Հայաստանի Հանրապետութեան Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, մէկ տեղամաս բացուած է Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկէն ներս:
Արցախի մէջ նախագահի պաշտօնին համար կը պայքարին 14 թեկնածու: Անոնք են` Քրիստին Բալայեան, Վիտալի Բալասանեան, Սերգեյ Ամիրեան, Դաւիթ Բաբայեան, Բելա Լալայեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Հայկ Խանումեան, Դաւիթ Իշխանեան, Վահան Բադասեան, Մասիս Մայիլեան, Աշոտ Ղուլեան, Ռուսլան Իսրայէլեան, Աշոտ Դադայեան եւ Մելսիկ Պօղոսեան:
Ազգային ժողովին մէջ տեղ ունենալու համար ընտրութիւններուն կը մասնակցին 12 քաղաքական ուժ.
1. «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւն
2. «Միասնական հայրենիք» կուսակցութիւն
3. «Անկախութեան սերունդ» կուսակցութիւն
4. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն
5. Արցախի յեղափոխական կուսակցութիւն
6. «Ազատ Հայրենիք-ՔԴՄ» կուսակցութիւններու դաշինք
7. Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութիւն
8. արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն
9. «Միացեալ Հայաստան» կուսակցութիւն
10. Արցախի Պահպանողական կուսակցութիւն
11. Լեռնային Ղարաբաղի Կոմունիստական կուսակցութիւն
12. «Նոր Արցախ» կուսակցութիւններու դաշինք
Կը գործէ 8 ընտրական յանձնաժողով` Ստեփանակերտ քաղաքի եւ Արցախի 7 շրջաններուն մէջ: Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կողմէ տրամադրուած տուեալներուն համաձայն` Արցախի Հանրապետութեան ընտրողներուն թիւը կը կազմէ 103 հազար 663:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի համապետական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու եւ ընտրութիւններուն ընթացքը լուսաբանելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին մէջ հաւատարմագրուած է 963 դիտորդ եւ ԶԼՄ 231 ներկայացուցիչ: