Կիրակի, 29 Մարտ 2020-ին, Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, շեշտելով, որ Սուրիոյ բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք Լիբանանէն ապօրինի միջանցքներէ Սուրիա մուտք կը գործեն անմիջապէս մեկուսացման կեդրոններ պիտի փոխադրուին, որմէ ետք իրենց կողքին հարցաքննութեան պիտի ենթարկուին նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կը դիւրացնեն մարդոց ապօրինի միջանցքներէ Սուրիա մուտքը։
Յիշենք, որ 22 Մարտ 2020-ին նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նախազգուշանալով պսակաձեւ ժահրին տարածումէն, Սուրիա-Լիբանան բոլոր միջանցքները փակ կը մնան ցնոր տնօրինում։