Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմին եւ նկատի ունենալով, որ Ճեզիրէի շրջաններու գիւղերուն եւ արուարձաններուն միջեւ երթեւեկութիւնը արգիլուած է եւ իւրաքանչիւր շրջան պարտաւորուած է իր ներքին ուժերով զինուիլ պայքարելու համար համաշխարհային համաճարակին դէմ, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը, յանձն առնելով քաղաքի հայութեան շտապ օգնութեան գործը, եկեղեցւոյ կից գտնուող ակումբին մէջ ամէնօրեայ ներկայութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու բոլոր անակնկալ դէպքերուն եւ շտապ օգնութեան պարագաներուն։
Աւելնենք, որ տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը ամբողջացուցած են անցեալ շաբաթ սկսած ազգային վարժարանի ընդհանուր մաքրութեան ու հականեխման գործը։