Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի եւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Տերիքի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը ներկայ արտակարգ իրաւիճակին դէմ յանդիման գտնուելով շտապ օգնութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց Տերիքի հայ գաղութին, սկսեալ դպրոցին եւ եկեղեցւոյ հականեխման գործերէն եւ ամէնօրեայ ներկայութեամբ դպրոցէն ներս ժողովուրդին տրամադրելով շտապ օգնութեան յատուկ հեռաձայնի թիւ՝ օժանդակել կարենալու դիմագրաւուած դժուարութիւնները։
Ցարդ ճեզիրէի տարածքին պսակաձեւ ժահրով վարակուող պարագաներ չեն արձանագրուած: