Սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտնեց, որ Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 20,25-ին, սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Հոմսի ուղղութեամբ Իսրայէլի արձակած հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։
Իսրայէլեան հրթիռները Լիբանանի օդային տարածքէն ուղղուած էին Հոմսի արեւելեան շրջան։