Սուրիոյ կրթութեան նախարար Իմատ ալ Ազըպ սուրիական պատկերասփիւռի պետական կայանի հաղորդավարին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ դնելու պետութեան նախազգուշական քայլերուն շրջագիծէն ներս, Կրթութեան Նախարարութիւնը պիտի շարունակէ փակ պահել վարժարաններն ու համալսարանները մինչեւ 16 Ապրիլ 2020:
Նախարարը հաստատեց, որ ուսումնակրթական գործընթացը շատ կարեւոր է, սակայն մեր ուսանողներուն առողջութիւնը ամէն բանէ վեր է, եւ այնքան ատեն որ վտանգ կը սպառնայ անոնց առողջութեան, ո՛չ դպրոց կարելի է յաճախել, ոչ ալ քննութիւններ յանձնել: Պետութեան համար առաջնահերթութիւնը իր քաղաքացիներուն առողջութիւնն է: Նախարարը աւելցնելով ըսաւ, որ երբ հաստատուի վտանգին վերացումը, ամէն ինչ կը վերադառնայ իր բնականոն ընթացքին, սահմանուած համապատասխան ժամանակացոյցով:
Նախարարը յայտնեց, որ առայժմ պաքալորիայի եւ պրովէի քննութեանց թուականները նոյնութեամբ կը պահուին, դիտել տալով որ որեւէ փոփոխութիւն կախեալ է դէպքերու զարգացումներէն, եթէ քննութեանց ճշդուած շրջանին եւս վտանգը առկայ ըլլայ, կարելի է յետաձգել քննութիւնները:
Նախարարը աշակերտներուն ակնարկելով ըսաւ, որ անոնցմէ պիտի չպահանջուի այն ինչ որ չէ դասաւանդուած դպրոցական օրերուն: Ուստի ան յայտնեց, որ նախարարութիւնը ուսումնական տարին ամբողջացնելու այլընտրանքներ ճշդելու մեքանիզմը հաստատած է, միշտ նկատի առնելով աշակերտին եւ ուսանողին շահն ու իրաւունքը: