«Երկիր».-Թուրքիոյ մէջ Քանատայի դեսպանատունը 1 Ապրիլին, հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` անդրադառնալով 31 Մարտին Արցախի Հանրապետութեան մէջ նախագահական եւ համապետական ընտրութիւններուն:
Դեսպանութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է կառոյցի թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ, ըսուած է.
«Քանատան կ’աջակցի Ատրպէյճանական տարածքային ամբողջականութեան եւ չի ճանչնար այսպէս կոչուած «ընտրութիւնները», որոնք տեղի ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 31 Մարտին: Նման «Ընտրութիւններ» կը խարխլեն ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի կողմէ գործադրուող ջանքերը`ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար»:
Պատասխան յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը.
«Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբն ու Քանատայի հայ համայնքը խիստ վրդոված են Թուրքիոյ Քանատայի դեսպանութեան կողմէ կատարուած կողմնակալ յայտարարութենէն` Արցախի մէջ տեղի ունեցող ազատ եւ արդար ընտրութիւններուն առնչուող:
Մենք խստիւ կը մերժենք եւ կը յորդորենք դեսպանատունը անյապաղօրէն չեղեալ յայտարարել այդ յայտարարութիւնը»: