«Արմէնփրէս».-ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցած է 2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ Արցախեան ազատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին:

ՀՀ վարչապետը ծաղիկներ զետեղած է ապրիլեան պատերազմի զոհերուն, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի շիրիմներուն:

Նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ  դրած է զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: