Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի շեշտած է Սուրիոյ եւ այլ պետութիւններու  պարտադրուած արեւմտեան տնտեսական ապօրինի պատժամիջոցներու վերացման անհրաժեշտութիւնը, նկատի առնելով անոնց մեծամասնութեան մէջ պսակաձեւ ժահրի արագընթաց տարածման վտանգը: Ճաաֆարի նկատել տուած է, որ արեւմուտքը պատժամիջոցներ պարտադրելով նախ եւ առաջ կը խախտէ  միջազգային օրէնքն ու մարդային իրաւունքներու վերաբերող ՄԱԿ-ի պայմանագրութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ մարդկային իրավիճակին վերաբերեալ իր անտարբերութիւնը կը դրսեւորէ:
Ճաաֆարի Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին ընթացքին տեսերիզով կատարած մէջբերումին ընթացքին, հաստատած է, որ Դամասկոս խստիւ կը դատապարտէ Սուրիոյ պարտադրուած պատժամիջոցները, որոնք անկարելի կը դարձնեն երկրի բժշկական եւ առողջապահական մարմիններուն համաճարակի յաղթահարման համար անհրաժեշտ դեղորայքի եւ բժշկական սարքերու  ապահովումը:
Ճաաֆարի յոյս յայտնեց, որ Սուրիա կը յաղթահարէ այս համաճարակը եւ կը կանխարգիլէ անոր տարածումը երկրին մէջ: Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ պսակաձեւ ժահրը երեւան հանեց արեւմուտքին անկարողութիւնը՝ մարդկութիւնը փրկելու կամ գէթ անհրաժեշտ օգնութիւնը  ցուցաբերելու անոր: