Ո՞վ է մարդը։
Երբեմն գերի ու երբեմն բերրի։
Երբեմն յանցաւոր ու երբեմն դատաւոր։
Երբեմն տոկուն ու խօսուն ու երբեմն տկար ու սողուն։
Երբեմն թագաւոր ու երբեմն ալ սպասաւոր։
Երբեմն հրամանատար ու երբեմն ալ հաւաքարար։
Ահա այս բոլորին հանրագումարն է մարդը։
Չենք ուզեր խօսքը երկարել բացատրելու համար, թէ ինչ է մեր «ուղղութիւնը»։
Մեր ուղղութիւնը՝ այս տողերուն ընդմէջէն չէ որ պիտի ճշդուի, այլ ճշդուած է այն բազմահատոր հաւաքածոներով, զորս շատեր ունին իրենց տուներուն մէջ, որոնք որոշ չափով լուսարձակի տակ առած են տնտեսութեան հոլովոյթն ու զարգացումը։
Զանոնք թղթատելով ամէն ոք կրնայ հաստատել, թէ ինչ ըսած են այս մարզէն ներս որոշ հմտութիւն ունեցող անձիք։
Վերոյիշեալ տարբերակներով եւ շերտաւորումով իր կեանքը հունաւորած մարդը երբ պարպեցինք իր էութենէն, զայն վերածեցինք տնտեսական շուկայի սպառողական այն «շնչող էակին», որ վերարժեւորուեցաւ որպէս թուանշան, որ ենթակայ է մերթ աւելնալու ու մերթ պակսելու։
Տնտեսական պայքարի վերնագրին տակ թաւալգլոր աւազախրումի մէջ են մարդկայնութեան հետ առնչուող կարծեցեալ մարդու եզակի բոլոր զգացումներն ու ապրումները։
Սպառնալիքներ, պատերազմներ ու միմեանց գոյութեան սպառնացող ահազանգեր։
Մեզ վերածեցին տնտեսական նոր համակարգի՝ ուսումնարանէն ներս նորելուկ աշակերտի։
Աշակերտ ըլլալը դրական երեւոյթ է բոլոր ժամանակներուն համար, անոր դիմաց նորութիւններ ճանչնալու, սորվելու կարելիութեան դաշտերը միշտ բաց կ’ըլլան։ Յ. Օշական կ’ըսէ. «Մեծ է այն ուսուցիչը, որ միշտ աշակերտել գիտէ»։ Ահա կեանքի մէջ իր դրոշմը ձգած բոլոր-բոլոր մեծերու նշանաբանը։
Պաղ ու տաք օրեր, չոր ու թաց տրամաբանութիւններ, ահ ու սարսափ, ցաւ ու մահ, աւազախրուած տնտեսական իրավիճակ, անկայուն հորիզոններ ու կորսուած երազներ։
Անցան ինն տարիներ ու թեւակոխեցինք Սուրիոյ տագնապի 10-րդ տարին։
Լաւատեսին ըսինք անխելք ու խենթ, ուրախացողին ըսինք անզգամ ու անփոյթ։
Ի՞նչ շահեցանք այդ մահերէն։ Ո՞վ շահեցաւ եւ ո՞վ կորսնցուց։ Շահողը անյայտ է, բայց կորսնցնողները յստակ են։ Զանոնք կրնանք տեսնել ամէն մեռելոցի, գերեզմանատան մէջ, սեւազգեստ այրիներ, աննեցուկ ընտանիքներ, որբեր։
Հին մեռելներուն կը մնայ արցունք թափել նորերուն։
Եղաւ։ Պատահեցաւ։ Գրուեցաւ։
Ինչո՞ւ կը գրենք այս բոլորը։ Պարզապէս ըսելու համար, թէ դժուար տարիներուն եւ պատերազմի մռայլ օրերուն՝ Սուտակասպաս ծառաները, շողոքորթ ծեքծեքումներով ողողեցին բեմադաշտը եւ աղաւաղեցին մարդկութեան պայծառ դիմագիծը։ Այս մէկը այսպէս վերջացաւ։ Սկսաւ միւսը։
Անկեղծ եղէք եւ ըսէք, ու ձեր «մեծ վրդովումները» ուրիշներուն վերագրելու ամօթխածութիւնը, գոնէ պահեցէք…։
Ամենազարհուրելին եւ ամենաքստմնելին այն է, որ մարդու մեծագոյն թշնամին նոյն ինքը ՄԱՐԴն է։
Ուշագրաւ է այս բազմութեան խաղաղ ու ինքնագոհ երեւոյթը։
Այլեւս զզուելի է միապաղաղ ու մաշած օրօրը, որ կ’ըսէ այս բոլորը ծնունդն է միաբեւեռ տնտեսական ոլորտին։
Անցեալին ֆրանսական յեղափոխութիւնն ու անոր յաջորդող «տնտեսական» Պուրժուազիան իրենց բազմապիսի ժխտական արդիւնքներուն կողքին ունէին դրական երեւոյթ մը, որ կը կայանար այդ Պորժուային ազգային յստակ դիմագիծ ունենալուն մէջ։
Սակայն այսօր տնտեսական առերեւոյթ բազմաբեւեռ աշխարհին մէջ տեղի տուած է Ազգայինը եւ գլուխ ցցած համամարդկային ըլլալու սուտ լոզունքը։ Աւելին, տնտեսական խաղը վերածուած է անզէն այն պատերազմին, ուր անխղճօրէն գին վճարողը եւ զոհասեղանին մատուցուած քաւութեան նոխազը նոյնինքն մարդն է։
Կանխամտածուած ձեւով խմբակցութեան մը պարտադրեալ պայմաններուն «ժողովուրդը» համակերպեցնելու ընթացքը ստեղծեց «տնտեսամէտ» հաւաքականութեան խմբակցութեան մօտ գերակայութեան բարդոյթը։
Ահաւոր անմարդկայնութեանց զինանոցէն ծնունդ առած տնտեսական պայքարը մարդկային քանդողականութեան ամէնէն սարսափելի դրսեւորումն է։
Մինչ որդեգրուած տնտեսական բոլոր քաղաքականութիւնները իրենց ներշնչումը ստացան ազատ շուկայի տարազումներէն, ուր բարգաւաճման նախապայման կը նկատուի ընկերային ծախսերու կրճատումը։
Հետեւաբար, այդ ընկերութեանց ամէնէն աւելի տուժած խաւերուն նախընտրութիւնը գնաց ընկերային բարեկարգումներ խոստացող ընտրապայքարներու ծրագիրներուն։
Փաստօրէն անոնք կը շարունակեն ապրիլ ընկերային, քաղաքական, բայց մանաւանդ՝ տնտեսական խորունկ տագնապներ, որոնց առարկայական պայմանները մեծ դեր պիտի ունենան ճշդելու համար ժողովրդավարութեան գաղափարախօսական տարազումը։
Ժողովրդավարութիւնը պիտի մնա՞յ սոսկ ընտրական մեքենականութեան մը ձեւականութիւնը, թէ՞ պիտի յաջողի ստեղծել այն տարածութիւնը, ուր առիթ պիտի ունենայ ինքնասրբագրումի ու ինքնակատարելագործման, պիտի կապկէ՞ ազատութիւնը, թէ՞ պիտի կարենայ լիցքաւորուիլ յեղափոխական գաղափարախօսութեամբ։
Ահա հարցումներ, որոնց պատասխանը պիտի տան, վերջին հաշուով, մանաւանդ 3-րդ աշխարհի ընկերութիւնները իրենք։
Տնտեսագէտ Քասթանիէտա իրաւամբ կ’ըսէ, թէ իրենց այս քաղաքականութիւնը՝ «ցարդ շատ քիչ դրական արդիւնքի յանգած է եւ, ընդհակառակը, շատ սուղի կը նըստի ընկերութիւններուն վրայ, տնտեսութեան ոչ մէկ շօշափելի բարգաւաճում, հարստութեան հետզհետէ աւելի մեծ կեդրոնացում քիչերու մօտ եւ հետզհետէ աւելի սրող շրջանային անհաւասարակշռութիւններ»։
Այսուհետեւ կան նոր հորիզոններ։
Միջազգային տնտեսութիւնը պիտի ենթակայ ըլլայ Աշխարհի դրամատան թելադրանքներուն, քան թէ տեղական կարիքներու բաւարարման անհրաժեշտութեան։
Պիտի ուրուագծուի նոյնիսկ երկիրներու գերիշխանութենէն անդին «Ոսկեայ» 2 միլիոնի տրամաբանութիւնը գոհացնող այլ համակարգ մը, որ կարելի պիտի դարձնէ մահացու Պէրմոտայի եռանկիւնին՝ 1.- կազ, 2.- քարիւղ, 3.- ջուր, խտա- ցուած ուժին կեդրոնացումը։ Այս բոլորին մէջ զոհասեղանի այս անգամուան նոխազը հողամշակումն է, որուն որպէս հետեւանք պիտի ըլլան աւելի մեծ թիւով աղքատ հաւաքականութիւններ, որոնց վիճակուած պիտի ըլլայ ամբողջ կեանք մը ապրիլ ու մեռնիլ նոյն տարածութեան վրայ։
Պիտի քայքայուի ընտանեկան միատեղ կեանք անցընելու երբեմնի գեղեցիկ ապրումը, պիտի զարգանայ անձնակեդրոն լուծումներ որոնելու կուլ տուող ալեկոծումը։ Փաղանգը մեծ պիտի ըլլայ խարխափող երիտասարդներուն ու տագնապող ծնողներուն։
Սրբագրենք սխալը եւ ըսենք, որ քանի կը դժուարանայինք հաւատալ, թէ կրաւորականութեամբ մեղսակից ենք բոլորս այս ընթացքին, ուրեմն՝ գիտութեամբ, թէ անգիտութեամբ Մեղա՜յ Աստուծոյ։
Պարգեւ Աւագեան