Վերջերս լրատուամիջոցներու առաջին էջերը գրաւող, մանրէէն ալ աւելի փոքր եւ անտեսանելի էակը՝ պսակաձեւ ժահրը, սկսած է հետզհետէ գրաւել մեր կեանքի բոլոր կողմերը։ Անոր ազդեցութիւնը անհատականէն ելլելով հասած է հաւաքականին եւ արդէն իսկ կը պարտադրէ ընկերային, ինչպէս նաեւ տեղական ու միջազգային տնտեսութեան ու քաղաքականութեան վրայ նոր չափանիշներ։
Այսօրուան աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ տնտեսական խմբաւորումներէն երեքը՝ ԱՄՆ, Եւրոպական Միութիւն եւ Չինաստան մեծապէս ազդուեցան այս ժահրին տարածումէն։ Սակայն այս երեքէն մեծագոյն վնասներ կրողը մինչեւ օրս Եւրոպական Միութիւնը եղաւ, որովհետեւ անոր տնտեսական եւ ընկերային համակարգը հիմնուած է անոր անդամ միութիւններուն միջեւ անհատներու ազատ շարժումին վրայ։ Հետեւաբար երբ համաճարակի տարածումին պատճառով երկիրներուն միջեւ պատնէշներ եղան, միութիւնը կրեց թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ընկերային, եւ թէ նոյնիսկ գաղափարական կորուստներ։
Միւս կողմէն, ճիշդ է, որ Չինաստան նոյնպէս կրեց ահռելի կորուստներ, սակայն անոնք չեն կրնար բաղդատուիլ Եւրոպական Միութեան կրած կորուստներուն հետ։ Նախ, որովհետեւ Չինաստան մէկ տնտեսական մարմին է եւ չի կազմեր շարք մը տնտեսութիւններու խմբաւորում մը. երկրորդ՝ Չինաստանը բարձրացող (emerging) տնտեսութիւն է։ Այսպիսի տնտեսութիւններ կ’ունենան արագ եւ անկայուն աճ՝ ի տարբերութիւն զարգացած (advanced) տնտեսութիւններուն, ինչպիսին է Եւրոպական Միութեան տնտեսութիւնը, ուր տնտեսական աճը կ’ըլլայ դանդաղ բայց կայուն։ Եւրոպական Միութիւնը տարեկան 1,4 առ հարիւր տոկոսով կայուն աճ կ’արձանագրէ, երկար տարիներ շարունակ, իսկ Չինաստանը կ’արձանագրէ տարին 7 կամ 6 առ հարիւր աճ, սակայն այս թիւը տարուէ տարի կը փոխուի եւ կրնայ յանկարծ կէսի իջնել։ 2009-ի տնտեսական տագնապի նախօրեակին, Չինաստանի տնտեսութեան աճը հասած էր մինչեւ 14 առ հարիւրի, սակայն անկէ ետք, վերջին 10 տարիներուն ընթացքին, հետզհետէ նուազեցաւ եւ անցեալ տարի, պսակաձեւ ժահրի տարածումէն առաջ, արդէն իսկ հասած էր 6,1 առ հարիւրի։ Պսակաձեւ ժահրի տարածումէն ետք տակաւին չենք գիտեր, թէ որքա՛ն անկում պիտի արձանագրէ։ Սակայն այս մէկը ի՞նչ կը նշանակէ։ Չինաստան իբրեւ բարձրացող եւ մեծ տոկոսներով աճ արձանագրող տնտեսութիւն, աւելի լայն լուսանցք ունի եւ բաւական առիթ ունի հասնելու ահազանգային վիճակի, մինչդեռ Եւրոպական Միութեան տնտեսական աճը արդէն իսկ ցած տոկոսաւորումով կ’ընթանայ, հետեւաբար աւելի արագ կրնայ մտնել ահազանգային վիճակի մէջ։
Ահազանգային վիճակը կեդրոնական դրամատուներուն այլընտրանքները նեղ օղակի մէջ կը դնէ։ Իւրաքանչիւր դրամատուն ունի տնտեսութիւնը աշխուժացնող սահմանափակ միջոցներ։ Եթէ տուեալ դրամատունը անոնցմէ մաս մը արդէն իսկ ի գործ դրած է եւ պսակաձեւ ժահրի տարածման պատճառով մնացածին ալ մեծ մասը օգտագործէ, անոր մօտ կը մնան սակաւաթիւ միջոցներ։ Երկրի մը մէջ, երբ տագնապալից վիճակ կը ստեղծուի, որոշումներ կայացնելու կեդրոնը դէպի կառավարութիւն կ’ուղղուի եւ այս պարագային կը սկսի կեդրոնական դրամատուներու դրամային քաղաքականութիւնը հիմնական դեր խաղալ այդ երկրին տնտեսութիւնը ճգնաժամային վիճակէն դուրս բերելու իմաստով։ Բնական պարագաներուն, անհատներ եւ անձնական ընկերութիւններ կը վերցնեն երկրի տնտեսութիւնը առաջ տանելու պատասախանատուութիւնը։ Հոս ալ Չինաստան ունի առաւելութիւն մը։ Բնական պայմաններու մէջ իսկ Չինաստանի տնտեսութիւնը կեդրոնացած է կառավարութեան ձեռքը, որովհետեւ հոն կը տիրեն ձախակողմեան, համայնավարական կարգեր։ Այլ խօսքով, ճգնաժամի պարագային երկրի տնտեսութիւնը կը շարունակէ գործել սովորական ձեւով եւ իր տարբերակէն դուրս չի գար, մինչդեռ Արեւմուտքի պարագային, ուր կը տիրէ ազատ շուկան եւ կառավարութիւնը նուազագոյն ներկայութիւն ունի տնտեսական որոշումներ կայացնելու ընթացքին մէջ, երբ ճգնաժամի բերումով, կառավարութեան որոշումները կը սկսին մեծ դեր խաղալ տնտեսական դաշտին վրայ, տնտեսական ու գաղափարական նահանջ կ’արձանագրուի, ինչ որ նաեւ կրնայ Արեւմուտքի ներկայ քաղաքական համաչափութիւններու խախտումին առիթ դառնալ եւ մեծ մարտահրաւէր մը՝ տիրող քաղաքական ուժերուն համար։
Գալով ԱՄՆ-ի, ան զարգացած տնտեսութիւն է եւ Եւրոպական Միութեան հետ բաղդատած աւելի մեծ տարեկան աճ կ’արձանագրէ՝ շուրջ 2,3 առ հարիւր։ Պսակաձեւ ժահրի տարածումէն անմիջապէս առաջ, երկրին մէջ անգործութեան համեմատութիւնը զգալիօրէն նուազած էր եւ հասած միայն 3 առ հարիւրի, ինչ որ գրեթէ անգործութեան վերացում կը նկատուէր, ժամական աշխատավարձքը սկսած էր բարձրանալ, հետեւաբար ԱՄՆ տնտեսութիւնը աւելի ճկունութիւն ունէր։ Նկատի առնենք նաեւ, որ ԱՄՆ արդէն իսկ մեծ պարտքերու տակ է եւ շուկան աշխուժացնող նոր ծրագիր մը տոկոսային իմաստով այդ պարտքերուն վրայ շատ մեծ բան չ’աւելցներ։ Առաջարկուած է իրականացնել 2,2 թրիլիոն տոլարի ծրագիր, որ մեծ գումար չէ բաղդատած ԱՄՆ-ի 20 թրիլիոն տոլար պարտքին հետ։
Գիտնականներ արդէն իսկ բացայայտած են պսակաձեւ ժահրի տարածման ուրուագիծը (diagram) եւ զայն ներկայացնող կոր գիծը։ Այսօր երբ պետութիւններ դպրոցներն ու շուկաները կը փակեն եւ կը պարտադրեն քաղաքացիներուն տուներէն չելլել, այդ մէկը կ’ընեն «կոր գիծը տափակցնել»ու համար։ Կոր գիծը այս պարագային կը ներկայացնէ պսակաձեւ ժահրին մեծ տարածումը եւ անոր պատճառով արձանագրուած մահերը։ «Կոր գիծը տափակցնել», կը նշանակէ այդ թիւերը նուազագոյնի իջեցնել։ Տնտեսական ընթացքն ալ ունի իր ուրուագիծը եւ կոր գիծը։ ԱՄՆ վարչակարգը կը փորձէ այս առումով վարել այնպիսի քաղաքականութիւն, ուր տնտեսութեան կոր գիծը խոտոր կը համեմատի պսակաձեւ ժահրի տարածման կոր գիծին հետ։ Այլ խօսքով՝ ԱՄՆ կառավարութեան տնտեսական աշխուժացման նախաձեռնութիւնները պէտք է գագաթնակէտին հասնին, երբ պսակաձեւ ժահրի տարածումը իր նուազագոյն գիծին վրայ է, որպէսզի անոնց ազդեցութիւնը կրկնապատկուի, տնտեսութիւնը խթանուի եւ դուրս գայ տագնապի վիճակէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ նախագահ Թրամփ կը պնդէ ամենամօտ թուականին վերաբանալ դպրոցներն ու շուկաները, հակառակ բոլոր վերապահութիւններուն։
Որովհետեւ ԱՄՆ տոլարը այսօր միջազգային դրամանիշ կը համարուի, երկրին վարչակազմը, որպէս տոլարի գերիշխանութիւնը պահպանող նախազգուշացում, որոշեց միջազգային մեծագոյն կեդրոնական դրամատուներուն (Մեծն Բրիտանիա, Ճափոն, Զուիցերիա եւ այլն) եւ ԱՄՆ Դաշնային դրամատան (Federal Reserve) միջեւ ստեղծել վարկային բաց գիծ (open credit line), կանխատեսելով տագնապէն առաջացող ԱՄՆ տոլարի սուր պահանջքը։
Տնտեսական պատկերը առաւել բարդացուց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ռուսիոյ անհամաձայնութիւնը քարիւղի գիները կայուն պահելու շուրջ։ Պսակաձեւ ժահրի տարածման դէմ պայքարելու ամէնէն կարեւոր գործօնը երկիրներուն միջեւ երթեւեկը կասեցնելն է, օդային ու ցամաքային երթեւեկը գրեթէ ամբողջովին դադրած է, ինչ որ քարիւղի պահանջքը կը նուազեցնէ։ Սէուտական Արաբիա եւ Ռուսիա չկրցան համաձայնիլ քարիւղի արտադրանքը նուազեցնելուն շուրջ, որպէսզի կայուն մնան գիները, այլ պահպանեցին իրենց ընթացքը։ Այդ պատճառով քարիւղի գինը մեծ անկում արձանագրեց, գրեթէ կէսի իջաւ եւ տնտեսական տագնապը սկսաւ ճգնաժամի վերածուիլ։ Կ’ակնկալուի, որ նոյնիսկ պսակաձեւ ժահրի յաղթահարումէն ետք, քարիւղի պահանջքը դանդաղ աճ արձանագրէ, հետեւաբար քարիւղի ընկերութիւններու փոքր ու միջին խաւերը հաւանաբար ջնջուին եւ մնան միայն քանի մը միջազգային հսկայ ընկերութիւններ։ Այս պատկերը կը յիշեցնէ 2009-ի դրամական-տնտեսական տագնապը, որուն հետեւանքով բազմաթիւ միջակ եւ փոքր դրամատուներ փակուեցան եւ մնացին միայն քանի մը մեծ դրամատուներ։
Ոմանք կը պնդեն, թէ տնտեսական ճգնաժամ մը արդէն իսկ պիտի պատահէր եւ պսակաձեւ ժահրը առիթ հանդիսացաւ զայն քողարկելու։ Թերեւս այս մէկը այնքան ալ ճիշդ չըլլայ, բայց պսակաձեւ ժահրը միջազգային տնտեսութեան մասին շատ բան բացայայտեց։ Նախկինի՝ 2009-ի տնտեսական ճգնաժամէն, փաստօրէն, մեծ տնտեսութիւններ ամբողջովին դուրս չէին եկած։ Կեդրոնական դրամատուներու շուկային մէջ ներդրած կանխիկ դրամին շնորհիւ անոնք առ երեւոյթ աճ կ’արձանագրէին, սակայն անոնց հիմքը կազմող տնտեսական տուեալները շատ չէին փոխուած։ Ներդրուած գումարները այնքան մեծ էին, որ կրցան գոցել այդ խախուտ հիմքերը, որոնք բացայայտուեցան պսակաձեւ ժահրին տարածումով։
(շար. 1)
Յովիկ Ղազարեան