Ծաղկազարդը յիշատակումն է Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին: Մեր Տէրը իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն մասին քանիցս խօսեցաւ Իր աշակերտներուն եւ կանուխէն յայտնեց, թէ պիտի  չարչարուի  եւ յարութիւն առնէ:  Յիսուսի ժամանակ Երուսաղէմ քաղաքին մէջ կը կատարուէր զատկական տօնը: Մարդիկ ուխտաւորաբար կու գային մասնակից դառնալու այս մեծ տօնին, որուն կարեւոր բաժինը զատկուան գառնուկին մորթուիլն էր: Հետեւաբար, աշխարհագրական դիրքէն կամ պատմական արժէքէն աւելի` իր հոգեւոր խորհուրդով փրկութեան ծրագրին մէջ յատուկ տեղ ունի Երուսաղէմը: Սակայն Երուսաղէմ քաղաքի բնակիչները անտարբեր էին: Աստուածային նշաններուն եւ մարգարէաշունչ պատգամներուն նկատմամբ կարծրասիրտ վերաբերմունք կը ցուցաբերէին: Տիրոջ Երախտապարտ ըլլալու փոխարէն աստուածամերժ կեցուածք ունէին: Այս իրողութիւնը բացայայտ կերպով կը պարզուի Քրիստոսի հետեւեալ խօսքերէն. «Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ կը կոտորէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր Աստուծոյ քեզի ղրկած մարդիկը» (Մտ 23.37): Երուսաղէմը Ք.ե 70 թուականին հռոմէացի Տիտոս զօրավարի օրով աւերակ եղաւ, իսկ տաճարը հրկիզուեցաւ:
Յիսուս աշակերտներուն ընկերակցութեամբ Երուսաղէմ հասաւ:  Քաղաքին մէջ կար տօնական եւ խանդավառ մթնոլորտ: Հանդիսաւոր թափօրով Յիսուս մուտք գործեց, եւ հոծ բազմութեան կողմէ երիւղած յարգանքով  դիմաւորուեցաւ: Ներկաները թագաւոր հռչակեցին զՔրիստոս: Մարդիկ կը կարծէին, որ Ան եկաւ ազատելու համար եբրայեցի ժողովուրդը Հռոմի կայսրութեան իշխանութենէն: Ակնկալութիւնը մարդկային նկատառումներու արդիւնք էր: Նեղմիտ պատկերացում մը, որ երբեք չէր համապատասխաներ Աստուծոյ բարի կամքին. «Որ կ’ուզէ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան ճանաչումին»(Ա. Տմ 2:4): Օրուան կրօնական իշխանութիւնն ալ նոյն մտայնութեամբ առաջնորդուած՝ կը փորձէր  ժողովուրդին վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի զՔրիստոս ընդունին որպէս երկրաւոր թագաւոր, եւ ոչ աշխարհի Փրկիչ: Մարդիկ կ’ուզէին փառքերով  Քրիստոսի պատիւ ընծայել,  բան մը որ խստիւ անընդունելի էր Յիսուսի համար: Ինք նախապէս ըսաւ. «Ես մարդոցմէ փառաբանութիւն ընդունելու պէտք չունիմ» (Յհ 5:41):
Քրիստոս հաւատք կը փնտռէր, անոնք՝ գահ: Քրիստոս կը ցանկար մեղքի դատավճիռէն ազատագրել մարդկութիւնը, անոնք՝ երկրաւոր հանգստութիւն վայելել: Ուրեմն, Եբրայեցիները ձեւապաշտ եւ ցուցամոլ ընթացքով, մարդահաճոյ նպատակով, հոգեւորապէս տհաս ըլլալով, տառին կառչելով եւ Հոգիէն հեռանալով,  մարգարէական խոստումներուն կատարումը անգիտանալով եւ փրկութեան շնորհքին անհաղորդ մնալով չկրցան հասկնալ Ծաղկազարդին խորհուրդը, այլ՝ իրենց կարծեցեալ «Փրկիչ»ը դիմաւորելու խաբկանքով տարուած էին, սահմանափակած էին իրենց մտապատկերը, ու մանաւանդ փակած էին իրենց սրտին դռները սիրող Փրկիչին՝ Քրիստոսի դիմաց: Բազմութեան մէջ կային բարեպաշտներ, որոնք առանց որեւէ շահադիտական ակնկալութեան՝ գոհունակութեամբ, ուրախութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ կ’ըսէին. «Օրհնեալ է Թագաւորը, որ կու գայ Տիրոջ անունով, խաղաղութիւն երկինքի մէջ եւ փառք Բարձրեալին» (Ղկ 19. 38):
«Ժողովուրդէն շատեր Իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ» (Մտ 21.8), Սահակ Գ. Ձորափորեցի Կաթողիկոս (վաճխանած 703-ին), Ծաղկազարդի առիթով իր քարոզին մէջ այս մասին հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «Ժողովուրդէն շատերը մարդկութիւնը կը խորհրդանշեն, որոնք մարմնական ցանկութիւններու յանցանքները կը խոստովանին Աստուածորդիին առջեւ, բացայայտօրէն յայտարարելով զանոնք»:
Աւետարանիչները նկարագրելով Յիսուսի յաղթական մուտքը կ’ըսեն. «Ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ» (Մր 11.8): Ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերը գետին տարածելը աստուածային տնօրինումով տեղի ունեցաւ, որոնց մէջ կարելի է հետեւեալ խորհուրդները գտնել.
 -Ձիթենիի ճիւղերը խաղաղութեան նշան են: Աղաւնին Նոյին ձիթենիի փրցուած տերեւ բերաւ, ցոյց տալով, որ ջրհեղեղը վերջ գտաւ (Ծնն 8.11): Տեղին է արձանագրել, որ անցեալին ձիթենիի ձէթը կը գործածուէր վէրքերը դարմանելու համար, նկատի առնելով ձէթին ցաւերը մեղմացնելու յատկութիւնը: Սրբալոյս միւռոնի պատրաստութեան համար ալ ձէթը էական նիւթերէն է:
-Արմաւենին արդարութեան եւ յաղթանակի նշան է: Սաղմոս 92-ին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի»:
Հետեւաբար, Քրիստոս Իր օրհնաբեր եւ յաղթական գալուստով իր հետ կը բերէր երկնային խաղաղութիւն՝ մեղքին հետեւանքով խռովութեան մէջ ապրող մարդկութեան: Արդարութիւն՝ անօրէնութեան տիղմին մէջ թաւալող անկեալներուն: Յաղթանակ՝ մահուան ենթարկուած մոլորեալներուն:
-Արմաւենիի ճիւղը յոյս ներշնչող ներկայութիւն է: Արմաւենին անապատին մէջ կը ծաղկի, հակառակ աննպաստ կլիմային: Արդար մարդն ալ կրնայ ծաղկուն մնալ, նոյնիսկ երբ աննպաստ ըլլան պայմանները, շրջանակը եւ կեանքի պարագաները: Արմաւենին կանգուն է իր երկնաձիգ վիճակով: Հայեացքը դէպի վեր է եւ միաժամանակ խորարմատ: Հոսկէ կը սորվինք հաւատքի արմատ ունենալը եւ հոգիի աչքերով Տիրոջմէ օգնութիւն յուսալը: Արմաւենիին միջուկը կակուղ է, նաեւ սննդարար պտուղ է, կը դիմանայ տաքութեան եւ ծարաւին:  Հոսկէ կը սորվինք, որ հարկ է փորձութեան տոկալ, որպէսզի մեր առօրեայ կեանքին ընթացին ըլլանք արմաւենիին նման, այսինքն՝ հաւատքով կանգուն, շնորհքով ծաղկուն եւ կամքով  դիմացկուն:
Կ’ապրինք դժուար ժամանակներու մէջ: Յուսադրող եւ ուրախացնող լուր մը ստանալ կ’ուզենք: Տագնապի մատնուած է ողջ մարդկութիւնը: Բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ մեր առօրեան կը շրջապատեն: Թէեւ չնախատեսուած պայմաններով եւ տարօրինակ իրավիճակներով, սակայն հոգ չէ, կարեւորը հրաշք մը տեսնելու յոյսով եւ նորոգուած  կեանք մը ապրելու թափով կը պատրաստուինք դիմաւորելու մեր Տիրոջ յաղթական մուտքը մեր կեանքէն ներս: Ծաղկազարդը Քրիստոսի ներկայութեամբ եւ Իր  ներգործող զօրութեամբ կանգուն մնալու տօնելի առիթ է: Քրիստոսի աւետաբեր եւ յաղթաբեր մուտքով կրնանք ելքի ճամբայ գտնել, Մուտն ի Վիրապէն Ելն ի Վիրապի հասնիլ, մահուան շուքի ձորէն այլակերպութեան լեռ փոխադրուիլ եւ խաչի ճամբով  յարութեան  արժանի ըլլալ:
Տիրոջ օրհնաբեր գալուստով մեր ամայացած օրերը ցնծութեամբ կը լեցուին, մեր տուները աղօթքի մատրան կը վերածուին, մեր տըրտմած սիրտերը Կանայի հարսնիքի ընտիր գինիով կը հրճուին, համաճարակին հետքերը կը ջնջուին, հիւանդութեանց ցաւերը կը փարատին, վախին ազդեցութիւնները տեւաբար ցնցելէ կը դադրին եւ աղօթքներուն արդիւնքները հրաշալի կերպով կը յայտնուին:
Ծաղկազարդը այս տարի տարբեր պիտի ըլլայ: Չկայ համախմբում եկեղեցիներու մէջ, բայց տօնը պիտի չպարպուի իր իմաստէն, պիտի յիշատակուի աղօթքով, երկիւղով, Տիրոջ յաղթական գալուստին օրհնութեամբ եւ Իր հետ երթալով մինչեւ խաչ, մինչեւ յարութիւն:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան