Ժահրը պատեց աշխարհը եւ դժուարաբարոյ մարդ արարածը անզօր՝ մտաւ տուն։ Կարօտ մնաց արեւածագին եւ ամէն ինչ պայծառացաւ։
Տեսաք չէ՞, որ բնութիւնը ալ աւելի գեղեցկացաւ, օդը մաքրուեցաւ, կենդանիները ազատօրէն սկսան շրջիլ իրենց տան մէջ։ Մեր մեկուսացումը, մեր «բանտարկումը» բացի մեզմէ այս աշխարհի բոլոր էակներուն ուրախութիւն եւ ազատութիւն պարգեւեց։
Բայց մենք՝ ինչպէս միշտ, գանգատելով, տրտնջալով այս բոլոր իրադարձութիւնը «անարդարութիւն» եւ «պատիժ» կոչեցինք։
Տեսաք չէ՞, որ մարդ արարածը որքա՜ն հեռացեր է շնորհակալ ըլլալէ, քիչով գոհանալէ եւ չնչին առիթներով ուրախանալէ։ Առօրեայ թոհուբոհին մէջ մոռցեր ենք, որ ինչպէ՛ս կարելի է մաքուր պահել մեր հոգիները եւ հաճեցնել մեր ներաշխարհը։ Մեկուսացումը առիթ ստեղծեց, որ վերադառնամ ներաշխարհիս ու սնուցանեմ զայն։
Ներաշխարհս լքուած ծաղկոց մըն էր։ Գիտէի, միշտ հոն էր, խնամք ու հետաքրքրութիւն կը պահանջէր ու ես անընդհատ կը յետաձգէի անոր հոգածութիւն ցուցաբերելը։ Նախ փորձեցի յիշել, թէ իմ ծաղկոցս ո՞ր ծաղիկները կը նախընտրէր։ Հողը հերկեցի ու նոր թափով ցանեցի հունտերը։ Վարդ, յասմիկ, մանիշակ, եղրեւանի… յիշեցի, թէ որքա՜ն անուշ կը բուրէին այս ծաղիկները։ Ծաղկոցս սկսաւ գեղեցկանալ։ Խնամեցի, հոգ տարի ու անդրադարձայ, թէ որքա՜ն լաւ զգացում էր բոլորովին հեռանալ արտաքին խուճապէ ու կեդրոնանալ ներաշխարհիդ վրայ։ Դուն, միայն դո՛ւն։ Առանձին, անշշուկ փնտռտուք մը։
Ներաշխարհս տան ընդմիշտ փակ սենեակն էր։ Գիտէի, միշտ հոն էր, խնամք ու հետաքրքրութիւն կը պահանջէր ու ես անընդհատ կը յետաձգէի անոր հոգածութիւն ցուցաբերելը։ Նախ փորձեցի յիշել, թէ այդ սենեակին մէջ ինչե՞ր էին պահուած։ Վերջապէս դուռը բացի ու նոր թափով ներս մտայ։ Լուսանկարներ, գիրքեր, թուղթեր, նամակներ… յիշեցի, թէ որքա՜ն անուշ էին յիշատակները։ Սենեակը սկսաւ մաքրուիլ։ Խնամեցի, հոգ տարի ու անդրադարձայ, որ որքա՜ն լաւ զգացում էր բոլորովին հեռանալ արտաքին խուճապէ ու կեդրոնանալ ներաշխարհիդ վրայ։ Դուն, միայն դո՛ւն։ Առանձին, անշշուկ փնտռտուք մը։
Մեկուսացումը բանտարկում չէ, հրաշալի առիթ է սերմանելու, վերյիշելու եւ ստեղծագործելու։ Հոգ չէ, թէ ինչեր են ձեր ներաշխարհները՝ լքուած ծաղկոցներ կամ փակ սենեակներ։ Վերադարձէ՛ք, խնամեցէ՛ք։
Խաղաղ եւ ջինջ ներաշխարհը առաջին պայմանն է խաղաղ եւ ջինջ հոգիի մը։ Հիմա՛ ժամանակն է։
Սարին Ագպաշ