Հայերէն գիրքերու այս արտասովոր վաճառքին կողքին, փարիզաբնակ նամակագիրը դեռ կու տայ ուրիշ շահեկան լուրեր ալ, որոնք կ’առնչուին նիւթական անխոստովանելի գործառնութիւններու.
– Գերմանական գրաւման ընթացքին մերիններէն շատեր գիտցան օգտուիլ պատեհութենէն եւ խոշոր հարստութիններ շինեցին։ Սեւ շուկայի բոլոր ճիւղերուն մէջ հայերը առաջին գիծի վրայ էին, քաջալերուած՝ հրեայ տարրին բացակայութենէն, եւ, որքան ալ պատուաբեր չըլլայ ըսել, զանոնք գերազանցեցին ամենամեծ համեմատութիւններով։ – «Սեւ շուկայի թագաւորներն են»,- կ’ըսէին բնիկները հայոց համար, եւ չէին չափազանցեր։ Փարիզի հայ նպարավաճառներէն շատեր – մեծ մասամբ վանեցիներ – միլիոնատէր եղան։ Առեւտուրի ուրիշ ճիւղերու մէջ ալ միլիոնատէրներ գոյացան այստեղ, ինչպէս Մարսէյլ եւ այլուր։ Եւ հակառակ անոր որ հրեաները վերադարձան, ի հարկէ բոլորովին անկուշտ ախորժակով մը, մերինները մրցման մէջ ետ չեն մնար այսօ՛ր ալ, ուր սեւ շուկան միշտ անսասան կը մնայ։
Անտոնեանի մատնանշած այս հայանուն «նոր հարուստները», ըստ իրեն, դարձան կալուածներու տէրեր, գնեցին գոհարեղէններ, իրենց բնակարանները լեցուցին թանկարժէք գեղօրներով, կարասիներով, շքեղանքի առարկաներով ու… գրադարաններով։  Գրադարան յարդարելը «պարզ ցուցամոլութիւն» մըն էր սակայն անոնցմէ շատերուն համար. եւ այդ ցուցամոլութեան յագուրդ տալու սիրոյն՝ անոնք յաճախ կը յօժարէին սղագին գիրքեր գնել՝ հատորի գլուխ վճարելով մինչեւ հազար ֆրանք…։
Ի մի բան, կը տարուինք եզրակացնել ուրեմն, որ գրասիրութիւնն ու գրքասիրութիւնը 40-ական թուականներուն անօրինակ զարթօնք մը կ’ապրէին Սէնի ափերուն…։
Փարիզեան նախանձելի իրավիճակին հետ հակադրութեան մէջ էր, ըստ երեւոյթին, ամերիկահայ իրականութիւնը։
Ինծի այնպէս կը թուի, թէ Արամ Անտոնեանի այս նամակը ուժեղ գրգիռ մը եղած է Բենիամին Նուրիկեանի համար՝ որպէսզի ան «Նոր Գիր»ի միեւնոյն թիւի իր առաջնորդող խմբագրականին մէջ վերանայումի ենթարկէ ամերիկահայ գրականութեան պարզած վիճակը, տխուր հետեւութիւններ կատարէ այդ առնչութեամբ, բայց նաեւ անդրադառնայ ամերիկահայ ունեւոր դասին կողմէ գիր-գրականութեան նկատմամբ ցուցաբերուած անքաջալեր կեցուածքին։
Նուրիկեանի խմբագրականին վերնագիրը ցնցիչ է արդէն,-  «Արիւնող Սրտեր»։
Արդարեւ, ան «արիւնող սրտով» կ’ափսոսայ, որ ամերիկահայ գրականութեան ԾԱՌԸ, որ իր հունտով, արմատով ու մշակումով կատարելապէս հայկական է, բաւարար աւիշ չի ստանար այլեւս՝ աճելու եւ դալար մնալու համար։ Օտար ու քարոտ է այդ Ծառին հողը, օդն ու ջուրն ալ՝ խորթ են ու ժլատ.
– Կծու հովեր կը գալարեն մարմինն ամբողջ, եւ ատեն-ատեն օտար եղեամներ կը թառին անոր ուսերուն։ Արեւն անգամ բարի աչքով չի նայիր անոր։ Հասակը կարճ է մնացեր, չըսելու համար՝ թզուկ։ Բունը այնքան նիհար է որ կարելի է գրկել երկու ձեռքով։ Ճիւղերը տարածուն չեն այնքան, եւ սակաւաթիւ են, սակաւաթի՛ւ։ 
Նուրիկեան դառնութեամբ ու խորունկ վիշտով կը գանգատի, որ Ամերիկայի հայութիւնը, հակառակ իր ստուար թուաքանակին, «իր հայու շունչէն ծուէն մ’անգամ» չի մօտեցներ այդ Ծառին՝ զայն տաքցնելու ու ճոխացնելու նպատակով։ Այդ շունչն ու հոգին կ’երթան ուրի՜շ տեղեր.- կ’երթան հայ ժամուն, հայ դատին, հայ աղէտեալին, հայ կուսակցութեան, կ’երթան՝ արեւելեան երգին ու նուագին։ Մինչդեռ այս բոլորին դիմաց՝ Հայ Գիրը զրկուած կը մնայ այդ շունչէն։
Նուրիկեան կը շարունակէ.
– Այս ցաւագին անտեսումին, այս ուրացումին ողբերգութիւնը ամէն օր կը հարուածէ մեզ, բայց նոյն ատեն այնքան խորունկէն կը յուզէ մեր սրտերը, որ անոնք, մեր սրտերը, միշտ կ’արիւնին, կը քամուին կաթիլ-կաթիլ, ոռոգելու համար այն փոքրիկ ածուն՝ ուր իր համեստ հասակը կը պարզէ մենաւոր բայց սրբազան Ծառը Հայ Գիրին։ 
Այս մէջբերումներէն ետք հարցում մը կը պարտադրէ ինքզինք.- եթէ ամերիկահայ գրականութիւնը այդ երանելի տարիներուն իսկ դժգոհութիւններ կը պատճառէր, սրտեր կ’արիւնէր, ապա ինչպէ՞ս բնութագրել կամ որակել սփիւռքահայ բովանդակ գրականութիւնը ԱՅՍՕՐ, «Նոր Գիր»ի ու Բենիամին Նուրիկեանի օրերէն 75 տարի անց՝ յամի տեառն 2020 թուին…։
Նուրիկեանի ակնարկած Ծառը տապալած է ի հիմանէ. գետինը կը մնան ազազուն քանի մը տերեւներ միայն…
* * *
Կը վերադառնամ դէպի Ծոփաց Աշխարհ, Խարբերդի շրջանը, արագ նշումներ կատարելու համար Նուրիկեանի կենսագրութեան մասին։
Շուտով կ’անդրադառնամ արդէն, թէ հազիւ եօթը ամիս առաջ ամբողջացեր է գրողին ծննդեան 125-ամեակը, որովհետեւ Նուրիկեան աշխարհ եկեր է Օգոստոս 1894-ին, Վարդավառի Կիրակին։
Ծննդավայր գիւղին՝ Հիւսենիկի, ծխական դպրոցէն ետք ուսումը շարունակեր է Խարբերդի Կեդրոնական վարժարանը, այնտեղ երեք տարի աշակերտելով գաւառական գրականութեան մեր սիրելի դէմքերէն Թլկատինցիին (Յովհաննէս Յարութիւնեան, 1860-1915)։ Թլկատինցի, որ Խարբերդի ամէնէն համբաւաւոր ուսուցիչներէն մին էր այդ շրջանին, պատանի Բենիամինին հոգիին խորը ցաներ է հայ գիրի ու գրականութեան առաջին սերմերը, նախաճաշա՛կը։
Մեծ Եղեռնէն երկու տարի առաջ, 1913-ին, տասնինը տարեկան Նուրիկեան կ’որոշէ Ամերիկա գաղթել՝ երէց եղբօր մօտ, գլխաւոր նպատակ ունենալով բարձրագոյն ուսման ձեռքբերումը։ Դիւրին ու հեզագնաց չ’ըլլար սակայն ամերիկեան իր փորձառութիւնը,- օտար միջավայր, օտարոտի բարքեր ու խորթ կենցաղ, լեզուական դժուարութիւն, որոշ հոգեցնցումներ կամ յուսախաբութիւններ։ Մեծ Եղեռնը ու անոր հետեւանքով իր ընտանիքի անդամներուն աքսորն ու կորուստը՝ իր կարգին։
 Նոր Աշխարհի մէջ առաջին երեք տարիներուն Բենիամին կ’աշխատի իբրեւ պարզ բանուոր։ Յետոյ, բարեբախտաբար, կը յաջողի մուտք գործել Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանը (1916), հետեւելով պատմութեան եւ ընկերաբանութեան ճիւղերուն։ Ամերիկահայ Կրթասիրաց Ընկերութիւնը կրթաթոշակ կը յատկացնէ իրեն։
1920-1921-ին Նուրիկեան կը վկայուի համալսարանէն՝ յաջորդական երկու պատուաբեր բարձրագոյն տիտղոսներով. «Պսակաւոր արուեստից» եւ «Մագիստրոս արուեստից»։ Իր աւարտաճառին նիւթը կ’ըլլայ «Հայ Գիւղը»։ Իր շրջանաւարտութեան լուրը տեղ կը գտնէ Պոսթընի երբեմնի «Ազգ» լրագրին յղուած թղթացութեան մը մէջ (2  Յուլիս 1921)։
Հայերէնով գրել կը սկսի այդ նոյն տարիներուն, հետզհետէ մշակելով ու զարգացնելով իր լեզուն։ Անգլերէնի տիրապետութիւնը կ’օգնէ իրեն՝ մտերմանալու ամերիկեան ու անգլիական դասական գրականութեանց։ Հայերէնի կը թարգմանէ ու Հայ Կրթական Հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ կը հրատարակէ ամերիկացի հռչակաւոր երգիծագիր Մարք Թուէյնի (1835-1910) «Իշխանն եւ Մուրացիկը» վիպակը (Նիւ Եորք, 1930)։ Մինչ այդ, Թլկատինցիի Սաներու Միութիւնը իրե՛ն կը վստահի նահատակ գրագէտին ամբողջական գործերուն խմբագրման ու հրատարակութեան ծանր աշխատանքը։ Գործի կը լծուի ու պրպտումներու կը ձեռնարկէ տենդագին։ Մէջտեղ կու գայ փառաւոր գիրք մը, 1927-ին, Պոսթըն, «Թլկատինցին եւ Իր Գործը» խորագրով։ Այս գիրքը թղթատողները կրնան վկայել, թէ Բ. Նուրիկեան իր երախտագէտ աշակերտի ամբողջ սիրտը դրած է հոն՝ պանծացնելու համար տարաբախտ Թլկատինցիին գրական ու կրթական մեծղի վաստակը։ Ի՜նչ ուսուցանող ու երախտագէտ արարք։
1936-ին Նուրիկեան քանի մը ընկերներով մաս կը կազմէ Նիւ Եորքի նորահաստատ «Նոր Գիր» գրական ամսաթերթի հրատարակչական մարմինին, Անդրանիկ Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ։ Լման տարի մը կանոնաւորաբար հրատարակուելէ ետք՝ այդ ամսաթերթը կը դադրի։ Շուրջ երկուքուկէս տարի անց՝ «Նոր Գիր» կը վերերեւի հրապարակի վրայ, այս անգամ իբրեւ «եռամսեայ հանդէս գրականութեան եւ արուեստի», Նուրիկեանի անձնական ճիգերով եւ խմբագրութեամբ։ Ու կը տեւէ 16 տարի…։ Նուրիկեան թէ՛ հին ու նոր գրողներու հաւատարիմ խմբակ մը կը հաւաքէ իր հանդէսին շուրջ (Ամերիկայէն ու արտասահմանէն), թէ՛ գրական հարցեր կ’արծարծէ ու կը մեկնաբանէ մշտապէս, թէ ալ իր ինքնագիր սիրուն պատմուածքներու շարքերը կը տպէ այնտեղ, շահելով ժողովրդականութիւն ու սէր։ Իր քրտինքէն ու աչքի լոյսէն (նաեւ՝… գրպանէն) շա՛տ բան կու տայ «Նոր Գիր»ին։ Ու երբ կը դադրի անիկա ակամայ 1954-ին, խմբագիրը հպա՛րտ էր իր հունձքով։ Հոն կուտակած էր շուրջ 4000 էջ գրականութիւն եւ արուեստ։ ««Նոր Գիր»ի հաւաքածոն կարող է գրական դատաստանի առջեւ կանգնիլ ճակատաբաց», կը գրէր ան։
Ուրախալի է հաստատել, որ իր դադրեցումէն ճիշդ 30 տարի ետք, 1984-ին, ամերիկահայ մտաւորական մը՝ Մարզպետ Մարկոսեան, վերակենդանացուց «Նոր Գիր»ի մարած յիշատակը ու անոր թանկագին հաւաքածոներէն ընտիր էջեր ժողվեց ծաւալուն հատորի մը մէջ ու լոյսին բերաւ («ՆՈՐ ԳԻՐ Եւ Իր Աշխատակիցները», Նիւ Եորք, Ս. Վարդան հրատարակչութիւն, 414 էջ)։
Նուրիկեան իր պատմուածքները անդրանիկ հատորի մը մէջ կը ժողուէր 1937-ին,  «Այգեկութք» վերնագրով։ Շուրջ 350 էջանի պատկառելի հատոր մըն էր այս, որ լոյս պիտի տեսնէր Պոսթըն, իր գրչեղբօր՝ Յովհ. Աւագեանի յառաջաբանով։ Ի շարս այլոց, Փարիզէն Արշակ Չօպանեանն ալ պիտի չուշանար խանդավառ գրախօսականով մը ողջունելու այս հատորը ու զայն սեպելու «գրական դէպք մը», Համաստեղի «Գիւղը» ժողովածուին չափ համակրելի ու արժէքաւոր (տե՛ս «Հայաստանի Կոչնակ» շաբաթաթերթ, Նիւ Եորք, 5 Մարտ 1938)։
Աւելի ուշ, Խորհ. Հայաստանն ալ պիտի գնահատէր ու պատուէր զինք՝ իրմէ տպելով երկու գիրքեր. նախ՝ «Պանդուխտ Հոգիներ»ը, 1958-ին, որ կ’ընդգրկէր Ա. գիրքին բովանդակութիւնը՝ նոր էջերով հարստացած (Պատրիկ Սելեանի յառաջաբանով ու 5000 տպաքանակով) եւ ապա, քսան տարի ետք, «Կարօտ Հայրենի»ն (1978)։ Վերջին երկու գիրքերը համակիրներու բազմութիւն մը կը ստեղծէին իր անունին շուրջ՝ Հայաստանի տարածքին։ Նուրիկեան պաշտօնական հրաւէրով Հայաստան ալ կը հրաւիրուէր 1969-ին ու կը մասնակցէր Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակի հանդիսութիւններուն։
1959-ին, երբ Վահէ Հայկ լոյս կ’ընծայէր իր «Խարբերդ եւ Անոր Ոսկեղէն Դաշտը» 1500 էջանի յուշամատեան-պատմագիրքը, Բ. Նուրիկեան այնտեղ, առանձին գլուխի մը տակ, կը վերագծէր իր ծննդավայր գիւղին՝ Հիւսենիկի, ամբողջ պատմութիւնը։
Նուրիկեան պարբերաբար կ’աշխատակցէր հայ մամուլին ալ,- «Հայաստանի Կոչնակ», «Պայքար», «Նայիրի», «Անի» եւ այլն։
Այսպէս, ան վաթսուն տարի ինքզինք կը ջերմացնէր գրականութեան կրակով։
(Շարունակելի – 2)
Լեւոն Շառոյեան