ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
-Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Կոմիտէի նախագահ Ֆիրաս Մուալլա Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի նախկին խմբապետ՝ Ֆիրաս Խաթիպէն խնդրած է չեղեալ նկատել  հրաժարականի որոշումը եւ վերադառնալ հաւաքական: Խաթիպ պատրաստակամութիւն յայտնած է մտածելու Մուալլայի առաջարկին մասին։
-Սուրիոյ Պասքեթի Կոմիտէն յատուկ շրջաբերականով ակումբներու ուշադրութեան յանձնեց, թէ վարչութիւնները յառաջիկայ շրջանին  իրաւունք ունին զեղջելու խաղացողներու եւ մարզիչներու ամսականները, նկատի ունենալով որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով տակաւին յստակ չէ մրցաշարքին թուականը։ Շրջաբերականին մէջ ան դիտել տուաւ նաեւ, թէ կարելիութիւն կայ այս տարի զանց առնել պասքեթի մրցաշարքը եւ յետաձգել զայն մէկ տարիով:
-Հալէպի Իթթիհատ ակումբի վարչակազմը ֆութպոլի խումբի մարզիչ որոշեց Սուրիոյ պատանեկան հաւաքականի նախկին մարզիչ Մուհամմէտ Աքիլը։ Աքիլ պիտի փոխարինէ կազմէն հեռացած նախկին մարզիչ Թունուսցի Քէյս Եաաքուպին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆԻ ԿԻՆԸ՝ ԱՐԻԱՆԱ ԿԱՈԻԼԻՆ ՄԱՀԱՑԱՒ
Ճատրակի համաշխարհային ախոյեան Լեւոն Արոնեանի կինը՝ Արիանա Կաոիլին, Երկուշաբթի, 30 Մարտին իր մահկանացուն կնքեց։
Արիանան 14 Մարտին ենթարկուած էր արկածի, որուն հետեւանքով ան մինչեւ օրս կը գտնուէր հիւանդանոց։ Աւելցնենք, որ Լեւոնն ու Արիանան ամուսնացան 2017-ին։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՐԻ ՔԷՅՆ ԿՐՆԱՅ  ՀԵՌԱՆԱԼ ԹՈԹԵՆՀԱՄԷՆ
Անգլիոյ ֆութպոլի հաւաքականի եւ Թոթենհամ խումբի յարձակողական խաղացող Հարի Քէյն կրնայ լքել խումբը այս տարեշրջանի աւարտին: Ըստ Sky Sport-ի տեղեկութիւններուն,  խաղացողը յայտնած է, որ խումբին վիճակը յառաջացում չ’արձանագրեր,  այդ պատճառով կրնայ  միանալ այլ խումբի մը, որուն հետ հաւանական է որ   նուաճումներ արձանագրէ։ «Ակումբը լաւ ընթացքի մէջ չէ», ըսաւ Քէյն: Աւելցնենք, որ անգլիացի մարզիկին պայմանագրութիւնը խումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2024:
«ԹՈՔԻՕ 2020»Ը ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ 2021-ԻՆ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, «Թոքիօ  2020»ի կազմակերպիչ յանձնախումբը երկար ուսումնասիրութիւններէ ետք որոշեց ամառնային ողիմպիական խաղերը յետաձգել մինչեւ 2021-ի ամառ: Միջազգային Ողիմպիական Դաշնութիւնը պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով սոյն  որոշումին յանգեցաւ,  որովհետեւ ողիմպիական մարզախաղերը  միատեղ պիտի հաւաքեն հազարաւոր մարզիկներ, տասնեակ երկիրներէ, եւ այս պայմաններուն տակ կարելի չէ սոյն մարզախաղերը իրականացնել: Միջազգային Ողիմպիական Դաշնութեան նախագահ  Թոմաս Բախը յայտնեց, որ Ճափոնի իշխանութեան հետ համաձայնութեան հասած է սոյն մարզախաղերու նոր թուականին համար:
ԻՒՎԵՆԹՈՒՍ ԵՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ՆՈՒԱԶԵՑՈՒՑԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ԱՄՍԱԿԱՆՆԵՐԸ
Իտալիոյ ախոյեան Իւվենթուսի վարչութիւնը համաձայնաբար ֆութպոլի խումբի խաղացողներուն եւ մարզիչներու կազմին հետ, որոշեց նուազեցնել անոնց ամսականները: Իտալական ակումբը իր պաշտօնական էջին վրայ յիշեց, որ Մարտ, Ապրիլ, Մայիս եւ Յունիս ամիսներուն կազմին ամսականները պիտի նուազին 50% տոկոսով, որովհետեւ աշխարհի տարածքին ընդհանրապէս եւ Իտալիոյ մէջ յատկապէս տարածուած պսակաձեւ ժահրին հետեւանքով յստակ չէ տակաւին, թէ այս մրցաշրջանը պիտի շարունակուի՞ կամ՝ ոչ: Այս որոշումով, Իւվենթուսի վարչակազմը խնայած կ’ըլլայ 90 միլիոն եւրօ: Նմանօրինակ որոշում առաւ նաեւ Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան, որ դարձեալ կը գտնուի նիւթական նեղ պայմաններու մէջ: Ակումբի վարչակազմը համացանցի միջոցաւ նիստ մը գումարելով որոշեց նուազեցնել խումբի մարզիչական կազմին եւ խաղացողներուն ամսականները, որոնց մէջ է նաեւ արժանթինցի Լիոնէլ Մեսսին:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան