Պսակաձեւ ժահրի կանխազգուշացման հետեւանքով, յատկապէս շրջագայութեան արգիլման կառավարութեան որոշումին լոյսին տակ, ակումբի տղաքը Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան Եւ «Տիգրանեան» սրահներէն ներս կը շարունակեն օրական 24 ժամ ներկայ ըլլալ եւ ծառայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
Անոնք արձագանգելով առողջական հարցեր եւ շտապ օգնութեան կարիք ունեցողներուն, կը փութան օգնութեան՝ համապատասխան հիւանդանոցներ կամ դարմանատուներ փոխադրելով զիրենք։