3 Ապրիլին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները եւ ՀՅԴ ընտրական շտապներու պատասխանատուները:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են ՀՅԴ-ի գրանցած արդիւնքները, ընտրութիւններու ընթացքին նկատուած թերութիւնները եւ միտքեր փոխանակուած են 14 Ապրիլին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասին:
Աւելցնենք, որ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասին ՀՅԴ-ն իր դիրքորոշումը պիտի յայտնէ յառաջիկայ օրերուն: