31 Մարտին Արցախի Հանրապետութիւնը յաջողութեամբ կատարեց իր նախագահական (վեցերորդ) եւ խորհրդարանական (եօթերորդ) ընտրութիւնները, ուր Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը (ԿԸՅ) յայտնեց, որ Արցախի 105.540 իրաւասու ընտրողներուն 72,7 տոկոսը (76․728 ընտրող) հանրապետութեան ամբողջ ընտրատեղամասերուն մէջ մասնակցած է ընտրութիւններուն:

Դժբախտաբար,  շարք մը պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, միանալով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վարչակարգերուն, արձագանգեցին` հրաժարելով տեղեակ ըլլալէն իրադարձութենէն, իսկ որոշ պարագաներուն`  դատապարտելով անգամ այդ ընտրութիւնները: Ուրիշներ հեռու  մնացին ուղղակի քննադատութենէն ` պատճառաբանելով, որ անոնք կը հրաժարին ճանչնալ այս նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրինական շրջանակը` մէջբերելով ԵԱՀԿ Մինսքի գործընթացը:

Մենք կը յիշեցնենք բոլոր անոնց, որոնք հանդէս եկած են նման անպատասխանատու քննադատութեամբ, ուր 24 Մարտ 1992-ին ԵԱՀԿ / ԵԽԽ-ի նախնական որոշումը, որ հիմք  հանդիսացած է Մինսքի գործընթացին համար, ուղղակիօրէն կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) «Ընտրուած ներկայացուցիչներուն»` որպէս խաղաղութեան գործընթացին մասնակից: Անշուշտ ըսուած է, որ «Ընտրուած ներկայացուցիչներ» ունենալու համար անհրաժեշտ է կատարել ընտրութիւններ, կը նշանակէ, որ արցախեան այս ընտրութիւնները կը հակասեն ոչ թէ ԵԱՀԿ-ին, այլ, լիովին համահունչ են ԵԱՀԿ հիմնարար համաձայնագրերուն, որոնց հիմքն է Մինսքի խմբակի գործընթացը:

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը, համագործակցելով աշխարհի մէջ գործող գործընկեր կազմակերպութիւններուն հետ, կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Արցախի ժողովուրդին եւ Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղ) ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ: Մենք կ’ակնկալենք, եւ ըստ էութեան, մենք կը պահանջենք, որ պետութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնք կը պնդեն, որ նուիրուած են մարդու իրաւունքներուն, արդարութեան եւ խաղաղութեան, հեռու մնան արցախցիներու կողմէ ինքնորոշմանն ուղղուած այս իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն իրականացման խոչընդոտող  գործողութենէն: Միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է աջակցիլ Արցախին` ազատ եւ արդար ընտրութիւններու միջոցով արտայայտելու իր բնակչութեան կամքը: