ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ իշխանութիւնը իր քայլերով ու գործողութիւններով անլրջացուց իրավիճակը` սկսեալ  սկզբնական շրջանէն պսակաձեւ ժահրի հարցը  անտեսելէն, քարոզարշաւ  կատարելէն, մինչեւ իրենց յայտնիելոյթները, մօտեցումներն ու յայտարարութիւնները:

«Իշխանութեան այս վերաբերմունքը, բնականաբար, փոխանցուեցաւ նաեւ հասարակութեան եւ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ, թէ  անլուրջ է, պսակաձեւ ժահրը, հասարակ կրիփ է եւ այլն: Հիմա, երբ կը խօսին համընդհանուր հանգստութենէն, բնականաբար, լաւ է որ խուճապ չկայ, բայց նաեւ պէտք է հասկնան, որ այս ամէն ինչին պատասխանատուն եւ գլխաւոր մեղաւորը իրենք են, որ ի սկզբանէ անլուրջ  մօտեցած են այս հարցին», ընդգծեց ան:

Միջազգային դրամատունը պսակաձեւ ժահրի  դէմ պայքարին Հայաստանին յատկացուցած է ընդամէնը 3 մլն տոլար, Սաղաթէլեան դիտել տուաւ. «Մենք մեր առաջարկներու փաթեթին մէջ այս հարցին շուրջ  քանի մը լուծում  առաջարկած ենք. օրինակ` արտաքին պարտքին առնչուած միջազգային գործընկերներուն հետ որոշ բանակցութիւններ, թէ ինչպէս վարուին` վերաձեւակերպուին անոնք, վճարումները ուշացնելու առումով, ինչպէս նաեւ առաջարկած ենք նոր միջոցներ այս իրավիճակը յաղթահարելու համար: Ակնյայտ է, որ այս ուղղութեամբ տակաւին լուրջ արդիւքներ չունինք», նշեց ան:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ կողմէ կազի գինի սղելուն` Սաղաթէլեան յայտնեց, որ ամէն ինչ շատ յստակ է. «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայ ձեւաւորուած իշխանութիւն եւ երկրի մէջ տեղի ունեցող  լաւին եւ վատին համար առաջին պատասխանատուութիւնը կը կրէ իշխանութիւնը: Անոնց բոլոր փորձերը` մեղքը ուրիշին վրայ նետելը, անիմաստ են: Այս ամէն ինչին համար կան լիազօրուած մարդիկ, որ իշխանութիւնը կը ներկայացնեն: Իշխանութիւնը, առաջին կարգին պատասխանատուութիւն կը կրէ երկրի մէջ տեղի ունեցող որեւէ իրավիճակին համար, ուստի երկրի մէջ  տիրող այս իրավիճակին պատասխանատուն վարչապետ Փաշինեանն ու իր իշխանութիւնն է», յայտարարեց ան:

Ըստ Սաղաթէլեանի, իշխանութիւնը պէտք է տարբեր ճակատներով մեծ ծաւալի աշխատանք տանի` սկսեալ միջազգային կազմակերպութիւններէն, գործընկեր պետութիւններէն, հասնելով ընկերային-տնտեսական հարցերուն: «Մենք  քանի մը անգամ ըսած ենք, որ այս իրավիճակին մէջ երկրին առջեւ ծառացած հարցերը կարելի է յաղթահարել միասնական ուժերով, օգտագործելով երկրի բոլոր աղբիւրները: Այսինքն` պէտք է ընդգրկուին բոլոր անհատները, քաղաքական-հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնք կը կարենան այս պայքարին օգտակար ըլլալ: Իշխանութիւնը պէտք է նկատի առնէ այս ամէն ինչը», շեշտեց բանախօսը:

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ իշխանութեան կողմէ տարուող այդ մեծ ծաւալի աշխատանքը կը տեսնուի՞, ան պատասխանեց. «Իշխանութիւնը մեծամիտ ու գոռոզամիտ է, այս նեղ պահուն կ’առաջնորդուի` «Մենք շատ ենք, ինչ ուզենք կրանք ընել, մեր դէմ խաղ չկայ» սկզբունքով: Անոր վառ օրինակն է Ազգային Ժողովին յայտնի օրէնքի ընդունումը (նկատի ունի «արտակարգ դրութեան իրաւական վարչակարգի մասին» եւ «Ելեկտրոնային հաղորդակցութեան մասին» օրէնքներու փաթեթը – Tert.am), որ առանց ընդդիմութեան տեղի ունեցան», ըսաւ ան:

Դէպքերը հետզհետէ կը շատնան, վարակուողներու թիւը երէկ 92 էր, այսօր` 73 երեք եւ արդէն ունինք 7 մահուան պարագայ։ Սաղաթէլեան ըսաւ. «Ակնյայտ է, որ երկիրը կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ, իշխանութիւնները  դէպքերու զարգացման ետեւէն կ’երթան շատ յաճախ, այլ ոչ թէ զանոնք կանխարգիլելու ուղղութեամբ, քայլերը յաճախ  ուշացած կը կատարուին, որուն հետեւանքով ալ այս կացութեան մէջ ենք: Այս ամէնով հանդերձ ես կրկին կը հաստատեմ նախապէս հնչեցուցած մեր դիրքորոշումները, որ մենք մէկ նաւի մէջ ենք, մեր պետութիւնը եւ ժողովուրդը ունի ծանր, դժուարին հարցեր եւ մեր բոլոր ուժերը, անկախ քաղաքական հայեացքներէն ու տարակարծութիւններէն, պէտք է համախմբենք այս իրավիճակէն նուազ կորուստներով դուրս գալու համար»: