«Հորիզոն».- Ի հետեւումն Անգարայի մէջ Քանատայի դեսպանատան թուիթըրեան գրառումին, որ կը մերժէ 31 Մարտ 2020-ի Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքը, Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2020-ին, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յատուկ հանդէս եկաւ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գերատեսչութեան ուղղուած հաղորդագրութեամբ մը, որուն մէջ կը դատապարտէ դեսպանատան անհիմն յայտարարութիւնները եւ յաւելեալ պարզաբանումներ կը պահանջէ հարցին մասին, պահանջելով՝ իսկոյն ջնջել յայտարարութիւնը:
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդագրութեան մէջ յստակօրէն կը յիշէ, որ խորապէս հիասթափուած ու վրդոված է Արցախի արդար եւ ժողովրդավարական հիմունքներով ընթացած ընտրութիւններուն մասին Անգարայի մէջ Քանատայի Դեսպանատան յայտարարութենէն, աւելցնելով, որ Հելսինքեան պայմանագրութեամբ ամրագրուած ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը պէտք է անվերապահօրէն պահպանուի որեւէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ, որուն ցայտուն վկայութիւնն են Արցախի մէջ կայացած ընտրութիւնները, միաժամանակ աւելցնելով, որ ազատ կամքի դրսեւորման այս քայլը անտեսելը խոչընդոտ է խաղաղութեան կառուցողական գործընթացին:
Յայտարարութեան մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շեշտէ նաեւ, որ Արցախի ժողովուրդին ազատ կամքի դրսեւորումը կարելի չէ անտեսել ի շահ Ատրպէյճանի նման բռնապետութեան մը, որ կը ղեկավարուի ընտանիքի մը կողմէ:
Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, որ կը շարունակէ գործակցիլ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գերատեսչութեան եւ պատկան մարմիններուն հետ, բարձրաձայնելու համար քանատահայութեան մտահոգութիւնները այս գծով: