Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ գալէն դարեր առաջ, Զաքարիա մարգարէն մարգարէացաւ ըսելով. «Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ. Անիկա արդար ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած…» (Զք 9.9):
Յիսուս, իր մահէն քանի մը շաբաթ առաջ, որպէս Թագաւոր երբ Երուսաղէմ մտաւ, մայրաքաղաքը դղրդաց: Բազմութիւնը «Ովսաննա», «Տէր փրկէ մեզ» արտայայտութիւններով, ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով զարդարեց երկինքն ու երկիրը: Մանուկներու շրթներէն գոհաբանութեան եւ փառաբանութեան աղաղակներ բարձրացան առ Աստուած: Բեթփաքէէն Երուսաղէմ երկարող ճամբուն վրայ ուրախութիւն եւ ցնծութիւն կը տիրէր, որովհետեւ Երկնաւոր Թագաւորը կ’անցնէր հոնկէ՝ աւանակի վրայ: Մարդիկ կը յիշէին Յիսուսի հրաշքները եւ իրենց հանդերձները կը փռէին Տիրոջ առջեւ, ճամբուն ամբողջ երկայնքին՝ ցոյց տալու համար իրենց սէրն ու հպատակութիւնը Օծեալ Թագաւորին:
Սիրելի՛ հաւատացեալներ,
Այսօր Ծաղկազարդ է:
Ծաղկազարդը կը տօնենք դատարկ եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ դէմ յանդիման կը գտնուինք մեզի համար խորթ եւ անբնական իրականութեան մը, որուն նմանը չենք հանդիպած մեր կեանքին մէջ: Երեւոյթ մը, որ եկաւ մեր հեւքոտ, աշխոյժ կեանքը կասեցնելու: Մարդկութիւնը խուճապի մատնուած է: Անորոշութեան վիճակի մէջ ենք բոլորս եւ կը մտածենք, թէ ի՞նչ պէտք է ընենք եւ ի՞նչ է մեր պարտականութիւնը այս հանգրուանին:
Պէտք չէ վրդովինք սիրելիներ, այլ մեր աչքերը պէտք է սեւեռենք մեր հաւատքի առաջնորդ՝ Յիսուս Քրիստոսին, որովհետեւ Խաղաղութեան Իշխանը, տիեզերքի Տէրն ու Թագաւորը մեզի հետ է: Ան կը սիրէ մարդկութիւնը, իր զաւակները, մանուկները. «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը» (Մտ 19.14):
Այսօր, հրաւիրուած ենք բոլորս անդրադառնալու Ծաղկազարդի խորհուրդին եւ անոր բերած ճշմարտութիւններուն, թէ ինչպէ՞ս կրնանք աստուածային ճշմարտութիւնները թափանցել մեր կեանքէն ներս:
Ծաղկազարդի տօնին, սաղմոսներուն ընդմէջէն բոլորս միաբերան երգեցինք «Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տիրոջ անունով կու գայ» (Սղ 118.26): Այս բառերով մենք եւս ճանչցանք Տէրը, Քրիստոսը հռչակեցինք մեր Թագաւորն ու Փրկիչը եւ թէ Ան իր ձեռքերուն մէջ պահած է ամբողջ տիեզերքը: Արդեօք Ամենակալին եւ Ամենազօրին համար անկարելի բան գոյութիւն ունի՞: Ո՛չ, երբեք:
«Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ» մարգարէին արտասանած բառերը կը նշանակէ, թէ մարդը պէտք է իր Արարիչը փառաւորէ՝ Որդին ճանչնալով եւ պատուելով: Ժողովուրդը Քրիստոսը ճանչցաւ իբրեւ Աստուծմէ եկած Օծեալը, Մարգարէն, Փրկիչը եւ Թագաւորը:
Յիսուս, իր երկրաւոր առաքելութեան երեք տարիներուն միշտ ալ զգուշացաւ Իր ճշմարիտ ինքնութիւնը բացայայտելէ: Հազուադէպ պարագաներու եւ դէպքերու ընդմէջէն քօղարկուած կերպով Ինքզինք յայտնեց: Այլակերպութենէն ետք է, որ սկսաւ Իր աստուածութիւնը ցայտուն կերպով յայտնել:
Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ, թէ Հայրը պատուելու իսկական կերպը՝ ճանչնալն է Ան որ ինք ղրկեց (Յհ 17.3), որովհետեւ Հայրը ուզեց, որ բոլորն ալ Որդին պատուեն, այնպէս ինչպէս Հայրը կը պատուեն (Յհ 5.23), այսինքն՝ ճանչնան եւ ընդունին Յիսուսը որպէս Տէր եւ Փրկիչ: Սակայն Յիսուսը ճանչնալն ու ընդունիլը բաւարար չէ, այլ պէտք է զԻնք մեր կեանքին կիզակէտը դարձնելով գործնականօրէն արտայայտենք մեր հաւատքը: Այլ խօսքով, թոյլ տանք, որ Յիսուսի կամքը թագաւորէ մեր սրտերուն մէջ, կատարեալ հնազանդութիւն ցուցաբերենք Աստուծոյ կամքին հանդէպ, ձգտելով ապրիլ աստուածգիտութեան եւ սրբութեան կեանք մը:
Սիրելի՛ հաւատացեալներ, զԱստուած փառաւորելու ճշմարիտ ճանապարհը Քրիստոսի հետ ընթանալն է դէպի Ձիթենեաց լեռ, դէպի Գողգոթա, խաչելութիւն եւ յարութիւն: Մենք հրաւիրուած ենք Քրիստոսի հետ այլակերպութեան լեռ, Ձիթենեաց լեռ վերստին բարձրանալու, եւ Անոր հետ համբառնալու այս աշխարհի փորձութիւններէն:
Քրիստոս փրկագործական ծրագիրը սկսաւ Տաճարէն: Մենք եւս մեր հոգեւոր կեանքերը սկսինք Տաճարէն, մեր հոգեւոր տունէն՝ եկեղեցիէն, ուր պիտի կերպարանափոխուինք եւ Քրիստոսի հետ ապրինք յարութեան փառքը: Եկեղեցին հաւատքի վէմն է: Աշխարհը իր վտանգներով, հիւանդութիւններով եւ տագնապներով կը փորձէ մարդկութիւնը այդ բարձունքէն վար իջեցնել, զգետնել եւ աստուածային փառքէն պարպել, տանելով դէպի անդունդ, լոյսէն դէպի խաւար: Հետեւաբար, իւրաքանչիւր մարդ կ’ապրի փորձութեան եւ մատնութեան «պարտէզ»ին մէջ, ուր Քրիստոս մատնուեցաւ, ենթարկուելով դառնագին տագնապներու, որոնք մահացու կրնան ըլլալ: Սակայն, այդ տագնապներէն եւ փորձութիւններէն կրնանք ազատիլ աղօթքով եւ Քրիստոսի քայլերուն հետեւելով:
Ծաղկազարդի տօնին, մեր աղօթքներուն, փառաբանութիւններուն եւ ովսաննաներուն ընդմէջէն մեր Փրկիչը անգամ մը եւս կու գայ Իր տաճարը մաքրելու եւ Իր ժողովուրդը օրհնելու: Քրիստոնեայ հաւատացեալները չեն դադրիր Աստուծոյ տաճարները ըլլալէ, հակառակ տիրող անորոշ վիճակին, երբ ամէն կողմ մահ կը սփռուի եւ մարդիկ ահուդողի կը մատնուին: Մենք հրաւիրուած ենք հաստատուն հաւատքով մեր տաճարները մաքրելու՝ ապաշխարութեամբ, Խաչին ու Խաչեալին առջեւ խոնարհելով եւ ամբողջական հնազանդութիւն ցուցաբերելով:
Յիշենք Աստուծոյ մեծամեծ գործերը, բարիքները, հրաշալիքները, փրկութեան այն բոլոր պահերը, որոնք Աստուած շնորհեց մարդկութեան: Աղօթենք, որ Աստուծոյ ներկայութեամբ եւ Անոր միջամտութեամբ ներկայիս տիրող անորոշութեան ընթացքը փոխուի եւ բոլորս առաջնորդուինք դէպի ապահով նաւահանգիստ:
Այսօր, մարդկութիւնը նոր հանգրուան մը կը թեւակոխէ եւ իր հայեացքը ուղղելով Ամենակալին՝Աստուծոյ ներգործութիւնը կը հայցէ, դուրս գալու համար այս արհաւիրքէն:
Յիսուս Քրիստոս կու գայ մեր իմացականութեան աչքերը բանալու, որպէսզի տեսնենք ճշմարտութիւնները, հաստատուն հաւատքով դարձեալ ոտքի կանգնինք եւ սրբենք մեր կեանքերը ամէն տեսակի ախտերէ, հիւանդութիւններէ ու մեղքերէ, որոնք մարդը կը մեկուսացնեն, կը հեռացնեն իր հարազատներէն ու սիրելիներէն եւ մանաւա՛նդ ներկայիս «Քորոնա» ժահրի ճիրաններուն զոհ կը դարձնեն:
Այսօր, տուներէն ներս մեկուսացած վիճակին մէջ, մեր պարտականութիւնն է մեր ականջները բանալ, նորոգուած հասկացողութիւններով եւ ըմբռնումներով մեր կեանքի նոր ուղղութիւնն ու բովանդակութիւնը ճշդել եւ նոր պատմութեան ու նոր ուխտի կերտիչները դառնալ: Ահաւասիկ նորոգութեան նոր հրաւէր մը: Մեր եկեղեցւոյ անլռելի ղօղանջները ընդմիշտ պիտի հնչեն՝ նոր երթով, նոր տեսլականով եւ նոր երազներով, նոր օղակ մը աւելցնելով առաքելահաստատ եւ լուսաւորչահիմն մեր եկեղեցւոյ պատմութեան ոսկեշղթային վրայ, որ լեցուն է ծառայութեամբ եւ զոհողութիւններով:
Ծաղկազարդի տօնին, փառաբանելով Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ, մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած խնդրելով, որ մեր ժողովուրդի զաւակները պահէ ու պահպանէ ամէն չարիքէ եւ հիւանդութիւններէ: Թող որ Քրիստոսի խաղաղութիւնը շուտով հաստատուի մեր կեանքէն ներս եւ յառաջիկայ տարիներուն մեր եկեղեցիները յորդին հաւատացեալներու ներկայութեամբ եւ մեր փոքրիկները լուսաւոր մոմեր բռնելով Ծաղկազարդի տօնին ցնծութիւնը կրկին անգամ վայելեն:

5 Ապրիլ 2020
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմի