Քոնորա պսակաձեւ ժահրին տարածումին հետեւանքով աննախընթաց, վախազդու իրավիճակներուն մէջ, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը համագործակցաբար «Բեթէլ» Բուժ կեդրոնին հետ, պիտի մնայ յանձնառու իր առաքելութեան, առաջնահերթութիւն սեպելով ժողովուրդին առողջապահութիւնը:

«Բեթէլ» Բուժ կեդրոնը իր առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներով կը նախաձեռնէ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ դնելու կանխազգուշական զանազան քայլերու: Կ՛ուզենք երախտագիտութեամբ յիշել, որ Սուրիոյ մէջ մէկ տարիէ ի վեր գործունէութիւն տանող Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան բժշկական խումբը միացաւ «Բեթէլ» Բուժ կեդրոնի բժշկական անձնակազմին: Կեդրոնը միշտ կապի մէջ մնալով առողջապահութեան ոլորտի տեղւոյն պատասխանատու կողմերուն հետ, կը հետապնդէ հիւանդութեան հետ ընթացք առնող նոր զարգացումները: Բժշկական օժանդակութիւն կը հայթայթէ այն հիւանդներուն, որոնք այս ժահրին ախտանիշները կը կրեն, ինչպէս նաև օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ տարբեր հիւանդութիւններէ տառապող անհատներուն: Կեդրոնը կը գործէ տասը տարբեր մասնագիտութիւններով եւ իր առաքելութեան հիմնական նպատակն է բոլոր հիւանդներուն անհրաժեշտ դեղօրայքներ անվճարօրէն բաշխել:

Բոլոր անոնք, որոնք անսպասելի եւ շտապ վիճակի ու պարտադրանքի առջեւ կը յայտնուին, կապ թող հաստատեն հետեւեալ հեռախօսահամարին՝ 021 4666500: