«Ապառաժ».-5 Ապրիլին, Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն վիրաւորուած է Պաշտպանութեան Բանակի զինուորական ծառայող, 2000-ի ծնեալ Արայիկ Ռոպերթի Շախպազեան:

Վիրաւորուած զինծառայողը անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, անոր վիճակը բաւարար գնահատուած է:

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կատարուած է քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կոչ կ’ուղղէ հակառակորդ կողմին ձեռնպահ մնալու սադրիչ գործողութիւններէ եւ կը յայտարարէ, որ իրադրութեան հետագայ լարման պարագային հետեւանքներու ողջ պատասխանատուութիւնը  ատրպէյճանական կողմին վրայ է:

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւն