«Երկիր».-Արցախի տեղեկատուական շտապէն կը յայտնեն, որ աշխարհի մէջ պսակաձեւ ժահրի վարակի (2019թ. n- COV) լարուած համաճարակային իրավիճակով պայմանաւորուած` Արցախի Հանրապետութեան մէջ վերոնշեալ վարակի տարածման դէմ պայքարի նախաձեռնութիւնները արդիւնաւէտօէն իրականացնելու նպատակով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարի հրամանով  վարակի կասկածով հիւանդներուն մեկուսացնելու համար բուժհաստատութիւններուն մէջ առանձնացուած են համապատասխան հիւանդասենեակներ:

Ներկայ դրութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան ենթակայ բուժհիմնարկներէն ներս պսակաձեւ ժահրով հաստատուած ախտորոշումներով կամ  կասկածեալ հիւանդներ չկան: