CNN-ը կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի Պրոնքս թաղամասի կենդանաբանական այգիին մէջ Նատիա անունով 4-ամեայ էգ վագրին մօտ պսակաձեւ ժահր յայտնաբերուած է: Նշուած է, որ աշխարհի մէջ առաջին յայտնի դէպքն է, երբ վագրը կը վարակուի պսակաձեւ ժահրով:

Կենդանաբանական այգիին մէջ վստահեցուցած են, որ հակառակ ախորժակի նուազման, յիշեալ կենդանիներու վիճակը բաւարար է, անոնք կը գտնուին անասնաբոյժներու հսկողութեան տակ:

ԱՄՆ Գիւղատնտեսութեան Նախարարութեան անասնաբուժական ծառայութեան ազգային տարրալուծարանը նոյնպէս հաստատած է վագրերու մօտ պսկաձեւ ժահրի առկայութիւնը:  Տարրալուծարանի ներկայացուցիչները կը յայտարարեն, որ կենդանիները, հաւանաբար, վարակուած են կենդանաբանական այգիի աշխատակիցէն:

Պրոնքսի կենդանաբանական այգին այցելուներուն համար փակ էր 16 Մարտէն: