«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ մէջ վերջին օրուան ընթացքին գրանցուած է պսակաձեւ ժահրով վարակման 3․135 նոր պարագայ, մահացած է 73 մարդ: Այսպիսով` վարակման պարագաներու ընդհանուր քանակը հասած է 27 069-ի, զոհերու ընդհանուր թիւը 574 է, առողջացած եւ հիւանդանոցներէն դուրս գրուած անձերը 1042 են:

Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, վերջին օրուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ  20 065 քննութիւն կատարուած է, երկրի մէջ կատարուած քննութիւններու ընդհանուր թիւը հասած է 181․445-ի: