«Արցախփրէս»-31 Մարտին Արցախի մէջ տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններուն համար սահմանուած նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին եւ քուէարկութեան օրը իրաւապահ մարմիններու կողմէ դիմում-բողոքներու, ահազանգերու եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով հրապարակումներու հիման վրայ յանցագործութեան եւ այլ իրաւախախտումներու վերաբերեալ մօտաւորապէս 62 հաղորդում քննութեան  առնուած է:

ԱՀ Դատախազութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով` քննութեան առնուած 62 հաղորդումներէն 14-ին համար որոշում առնուած է քրէական գործ յարուցելու մասին, 5-ին համար որոշում առնուած է արդարացման հիմքով քրէական գործ յարուցելը մերժել, 4-ին համար հաղորդման մէջ նշուած տեղեկութիւնը չէ հաստատուած, 2-ին համար նախապատրաստուած նիւթերը ուղարկուած են ընտրական յանձնաժողովներ ենթադրեալ վարչական իրաւախախտում կատարած անձերուն հանդէպ վարչական վարոյթ յարուցելու հարցը քննարկելու համար, 7-ը կցուած է հաղորդման մէջ ներկայացուած` նոյն պարագայի կապակցութեամբ իրականացուող ստուգման նիւթերուն, 1-ն ուղարկուած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններ, իսկ 29-ը քննարկման փուլի մէջ կը գտնուի: