Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2020-ին, Գամիշլիի արտակարգ իրավիճակի յանձնախումբը խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ Հայր Անդրանիկ Այվազեանին հետ ներկայ տագնապալի իրավիճակին շուրջ: Յանձնախումբը Նախազգուշական եւ շտապ օգնութեան իր ծրագիրը պարզեց հայր սուրբին: Իր կարգին, հայր սուրբը պատրաստակամութիւն յայտնեց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ բժշկական իրերով սատարելու շտապ օգնութեան յանձնախումբի կեդրոնին, որպէսզի կեդրոնի ծառայողները առաւելագոյն ձեւով արդիւնաւորեն իրենց առողջապահական ծրագիրները: