«Հորիզոն».-Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2020-ին, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նամակ մը յղեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարար՝ Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին, յորդորելով՝ ջնջել տալ Անգարայի մօտ Քանատայի դեսպանատան անխոհեմ թուիթըրեան գրառումը, որ կը վերաբերի Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքներուն: Աւելին, յանձնախումբը կը պահանջէ տուն կանչել դեսպանը՝ իր անպատասխանատու քաղաքական դիրքորոշումին համար, որ կը հակասէ պաշտօնական Օթթաուայի խաղաղութեան եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած Քանատայի արտաքին քաղաքականութեան:

Նշենք, որ Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2020-ին, Անգարայի մօտ Քանատայի դեսպանատունը թուիթըրեան յայտարարութիւն մը կատարած էր, որուն մէջ կը շեշտուէր, որ Քանատան կաջակցի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ չի ճանչնար Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքներուն: Սակայն, յայտարարութիւնը չէր հաստատուած Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ:

Յղուած նամակին մէջ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը դիտել կու տայ, որ Քանատան միշտ ալ հաւասարակշռուած մօտեցում ունեցած է Արցախի հիմնահարցին խաղաղ կարգաւորման համար, հիմնուելով Մինսքի (ԵԱՀԿ) խումբի դիրքորոշումներուն վրայ, որ հաստատուած է Միջազգային իրաւունքի Հելսինքեան պայմանագիրով ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքի եզրափակիչ որոշումով:

Նամակին մէջ մասնաւորաբար շեշտուած էր, որ այս թուիթըրեան գրառումը խոտոր կը հանդիսանար Քանատայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումներուն եւ պէտք է անյապաղ ջնջուի: Իսկ այսպիսի յայտարարութիւններ ժխտական անդրադարձ կ՚ունենան ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական գետնի վրայ: Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը պէտք չէ արտօնէ իր արտասահմանեան դիւանագէտներուն, որ կառավարութեան դիրքորոշումներուն հակասող յայտարարութիւններ կատարեն:

Նշենք, որ վերոնշեալ նամակէն պատճէններ յղուած են նաեւ Քանատայի վարչապետին, փոխվարչապետին, խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններու ղեկավարներուն եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն: