«Ապառաժ».- 5 Ապրիլ 2020-ին ատրպէյճանական կողմը հերթական անգամ կոպտօրէն խախտած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծի հրադադարը, որուն հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զինծառայող վիրաւորուած է:

Մտահոգիչ է, որ այս միջադէպը տեղի ունեցած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կողմէն հրադադարի դիտարկման ժամանակաւոր դադրեցման լոյսին տակ, երբ ողջ աշխարհը կը պայքարի պսակաձեւ ժահրի (COVID19) համավարակին դէմ:Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նման սադրանքներով բացայայտ արհամարհանք կը ցուցաբերեն ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթօնիօ Գուտերեշի` ամբողջ աշխարհի մէջ հրադադարի ապահովման կոչին` ողջ մարդկութեան ջանքերը ուղղելու համաշխարհային մարտահրաւէրին` պսակաձեւ ժահրի յաղթահարման, ինչպէս նաեւ անտեսած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` հակամարտութեան կողմերուն ուղղուած կոչերը` խստօրէն պահպանելու հրադադարը եւ հեռու մնալու սադրիչ գործողութիւններէն, որոնք կրնան այս բարդ ժամանակաշրջանին բարձրացնել լարուածութեան մակարդակը:

Պաքուի ապակառուցողական վարքագիծը դարձաւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու անպատասխանատուութեան եւ բացասական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումը եւ միջազգային հանրութեան կողմէն պէտք է արժանանայ ամենախիստ գնահատականի եւ դատապարտման:

Վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը` յարգելու հրադադարի եւ անոր ամրապնդման մասին համաձայնագիրերը, ինչպէս նաեւ Գլխաւոր քարտուղարի` ողջ աշխարհին ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու կոչին` Արցախի Հանրապետութիւնը յամառօրէն կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին իրականացնել ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ հրաժարիլ սադրիչ գործողութիւններէն:

Միեւնոյն ժամանակ, Արցախի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ձեռնարկելու ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ բոլոր նախաձեռնութիւնները` միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերու եւ, մասնաւորապէս` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն: