«Արմէնփրէս».- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ուղիղ եթերով յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ պսակաձեւ ժահրէն մէկ օրուան մէջ առողջացած հիւանդներու թիւը աւելի է, քան արձանագրուած նոր պարագաներու թիւը. պարագաները աւելցած են 20-ով, առողջացած է 25 հիւանդ:

«Երէկուան պարագաները, նոր պարագաները 20 են: Նախորդ օրուան հետ համեմատած աւելի շատ են (նախորդ օրը 11 էր-խմբ:): Ի հարկէ քննութիւնները  աւելի քիչ են, քննութիւններու քանակը 211 է, բայց առողջապահութեան նախարարութունը եւ պարէտատունը կը կարծեն, որ երէկուան մեր գնահատականը կը շարունակէ պահպանուիլ»,ըսաւ Փաշինեան: Նախորդ օրը վարչապետը լաւատեսական գնահատական տուած էր, որ եթէ ամբողջ շաբաթ կարելի ըլլայ պահպանել դրական միտումները, Երկուշաբթի օրուընէ կարելի է մտածել սահմանափակումներու մեղման մասին:

Փաշինեան դիտել տուաւ` 6 Ապրիլը, ըստ էութեան, բացառիկ օր  եղած է, որով փաստօրէն առողջացած հիւանդները աւելի շատ  եղած են առաջին անգամ, քան նոր ախտորոշումները: Փաշինեան նաեւ նշեց, որ խորհրդակցութիւն  ունեցած են Առողջապահութեան Նախարարութեան, եւ թէ պարէտին, որոնք կը պահպանեն զգուշաւոր լաւատեսութիւնը: