«Էրմէնիհապեր».-Անյայտ հանգամանքներով անյայտ անձեր վնասած են Թուրքիոյ Հաթայ նահանգի Ռեյհանլը շրջանի մէջ գտնուող դպրոցի բակին մէջ տեղադրուած Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կիսանդրին: Վերջինս Թուրքիոյ Հարնապետութեան հիմնադիրն է ու առաջին նախագահը:

Օսման Կազի անունը կրող դպրոցի բակին մէջ Աթաթուրքի կիսանդրին տեղադրուած է   պատուանդանի մը վրայ, որուն վրայ գրուած է․ «Աշխարհի լաւագոյն ուղեցոյցը գիտութիւնն է»:

Դէպքը  ի յայտ եկած է, երբ տեղի բնակիչներէն մէկը հեռախօսով լուսանկարած եւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածած է կտրուած կիսանդրիի լուսանկարը: Ինչպէս կ’երեւի նկարներէն, Աթաթուրքի կիսանդրին «գլխատուած է», գլուխը մէկ կողմ նետուած է: Դէպքին համար քննութիւն  սկսած է: