Նկատի ունենալով, որ ներկայիս քաղաքիս մէջ դնչակապերու գինը բարձրացած է եւ անհրաժեշտ է անոնց օգտագործումը, նախազգուշանալու համար պսակաձեւ ժահրին տարածումէն, ՍՕխ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Խմբապետական Յանձնախումբի ընկերուհիները կամաւոր աշխատանքով իրենց սեփական կարի մեքենաները Ազգային Եփրատ վարժարանի կեդրոնը փոխադրեցին եւ անցնող երկու օրերուհ ընթացքին հարիւրաւոր դնչակապեր կարեցին, որոնք դրուեցան Արտակարգ Իրավիճակի Յանձնախումբին տրամադրութեան տակ։
Յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք բարոյական թէ նիւթական ներդրումով զօրավիգ կը հանդիսանան ու մասնակից կը դառնան յանձնախումբին աշխատանքներուն:

Արտակարգ Իրավիճակի Յանձնախումբ