ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւնները, ՀՅԴ մարզային կառոյցներուն հետ միատեղ Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներուն նպաստընկալ ընտանիքներուն անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու ծրագիրը սկսած է:

Այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան հազարաւոր բնակիչները ենթարկուած են  ճակատագրի ծանրագոյն փորձութիւններու դիմագրաւման: Ճգնաժամը թակած է բոլորիս դռները: Բազմաթիւ մարդիկ ամէն օր ստիպուած են ապահովել օրական հացի, ընտանիքի անդամներուն համար սնունդ ապահովելու կենսական պէտքերը: Այս մարդիկ օտարներ չեն` անոնք մեր հարազատներն են, բարեկամները, քոյրերն ու եղբայրները, բանուորներն ու զինուորները: Հայաստանի Հանրապետութեան ճակատագիրը խարսխուած է այս մարդոց ճակատագիրներուն:

Իւրաքանչիւր կազմակերպութեան եւ անհատի պարտքն է գիտակցիլ այս օրերուն հայ հասարակութեան եւ հայկական պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն լրջութիւնը եւ գործուն քայլեր ձեռնարկել, որոնք իրավիճակի հանգուցալուծման միտուած են:

Օգնութեան տրամադրման ուղղութեամբ աշխատանքներ արդէն մեկնարկած են: Նախաձեռնութիւններու մասին  մանրամասն տեղեկութիւններ յառաջիկային պիտի հրապարակուին:

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւն