«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) Տիարպեքիրի շրջանէն ընտրուած խորհրդարանի (մէջլիս) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան իր «Twitter»-ի էջին վրայ դարձեալ քննադատած է թրքական պետութեան վարած տնտեսական քաղաքականութիւնը:

Ան յայտնած է, որ մինչ ամբողջ աշխարհի տոկոսադրոյթները կը չէզոքացուին, Թուրքիոյ գանձապետարանը կը շարունակէ ԱՄՆ տոլարով պարտատոմսեր 9%-ով ձեռք ձգել, իսկ դրամատուները տոլարով պարտատոմսեր  12%-ով ձեռք կը ձգեն:

հանդէպ վստահութիւն չունին: Տոլարի պահուստները կը նուազին: Կամ մեզ պիտի պսնանկացնեն. կամ նորէն Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին պիտի դիմենք», ըսած է հայ պատգամաւորը: