«Էրմէնիհապեր».-Ամերիկեան Հարուըրտ համալսարանի եւ Պոսթընի քոլէճի կենսաբանութեան ուսումնառութեան դասախօս Էմրահ Ալթընթաշ թրքական  «Cumhuriyet» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ պսկաձեւ ժահրի պայքարին դէմ իրականացուող նախաձեռնութիւններուն եւ մտահոգութիւն յայտնած է այս առումով:

Թուրք մասնագէտը դիտել տուած է, որ Թուրքիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակման պարագաներու հաստատումէն ետք կը կարծէր, թէ Թուրքիոյ մէջ Իտալիոյ նման իրավիճակ չէր կրնար ստեղծուիլ: Սակայն այժմ Ալթընթաշ համոզուած է. «Թուրքիոյ իրավիճակը ոչ թէ Իտալիոյ նման է, այլ աւելի վատ է»:

Ան Թուրքիոյ կողմէն համավարակի տարածումը կանխարգիլող միջոցներու հարցին մէջ  երկու թերութիւն  արձանագրած է: Նախ , որ Թուրքիոյ մէջ ամբողջովին պարէտային դրութիւն չէ յայտարարուած եւ երկրորդ` պսակաձեւ ժահրի քննութիւններուն թիւը շատ քիչ եղած է:

Ան նկատած է, որ 11 Մարտէն սկսեալ  իւրաքանչիւր 3 օրը մէկ մահուան պարագայի թիւը երկու անգամ կ’աւելնայ, իսկ վարակման պարագաներուն թիւը իւրաքանչիւր 4 օրը մէկ կ’աւելնայ կրկնակի կերպով:

Ալթընթաշ նաեւ յիշեցուցած է, որ Իտալիոյ մէջ համավարակէն մահացողներու 400-րդ պարագան արձանագրուելէն ետք պարէտային դրութիւն յայտարարուած է երկրին մէջ: Մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ  3 շաբաթ  անցած է արդէն նման կացութենէ, բայց մահուան պարագաները տակաւին չեն նուազած: