ՍԱՆԱ, Ժընեւ.- Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ հակառակ անոր որ Միջին Արեւելքի պետութիւններուն մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն թիւը մտահոգիչ ձեւով կը բարձրանայ, սակայն շրջանի պետութիւնները առիթը ունին սահմանափակելու համաճարակին տարածումը։
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը վկայակոչելով կազմակերպութեան տարածաշրջանային գրասենեակի արտակարգ պարագաներու տնօրէն Ռիչըրտ Պրենընի յայտարարութիւնը, դիտել տուաւ որ ներկայիս կը պահանջուի ամբողջական ծրագիր մը յառաջացնել ընդհանուր առողջապահութեան պահպանման համար: Օրինակ. կասկածելի պարագաները կանուխ քննութեան ենթարկել, վարակուողները անմիջապէս մեկուսացման կեդրոններ փոխադրել եւ այլն։