Ժամանակակից քաղաքականութեան ծիրէն ներս կան զանազան քաղաքականացուած տնտեսական եւ ընկերային վերնագիրներ, որոնք ընտրապայքարներու ու քաղաքական արշաւներու ընթացքին խաղաքարտերու կը վերածուին ղեկավար խաւին կողմէ: Այդ վերնագիրներէն են, օրինակի համար, գաղթականներու տագնապը, որուն ազդեցութիւնը սաստկացաւ սուրիական տագնապէն ետք եւ հասաւ Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ ու Աւստրալիա, ինչպէս նաեւ կառավարութիւններու պիւտճէական քաղաքականութիւնները եւ ընկերային ապահովագրական ծրագիրները, որոնք մեծ դեր կը խաղան ընտրական պայքարներու մէջ շահելու տարեց եւ կարիքաւոր խաւերու քուէները, յատկապէս Արեւմուտքի ալեհեր ընկերութիւններուն մէջ: Յիշեալ գործօնները իրարու օղակուած են եւ անոնց ամբողջականութիւնը, իր դրական ու բացասական դրսեւորումներով կը ներկայացնէ այսօրուան քաղաքակրթութիւնը: Վերջին ամիսներուն անոնց եկաւ միանալու ժահրային քաղաքականութիւնը:
Աստղագուշակ ըլլալու չէինք կանխատեսելու համար, որ 2020-ը փոփոխութիւններու տարի պիտի ըլլար, որովհետեւ արդարացիօրէն կարելի էր զայն անուանել ընտրութիւններու տարի, սկսեալ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններէն, մինչեւ Մեծն Բրիտանիոյ ԵՄ-էն պաշտօնապէս դուրս գալը, հասնելով մինչեւ Սուրիոյ եւ Իրանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի սահմանադրական հանրաքուէները: Այլ խօսքով՝ այս տարի չկայ երկիր մը, ուր քաղաքացիները պիտի չուղղուին դէպի քուէատուփեր, իրենց ձայնով կատարելու ճակատագրական փոփոխութիւններ իրենց երկիրներուն մէջ:
Միացեալ Նահանգներու 2020-ի նախագահական ընտրապայքարներուն առանցքը կը կազմեն տնտեսական նուաճումները, զորս Թրամփ կը վերագրէ իր որոշումներուն ու իր վարչակազմին: Նախորդիւ յիշեցինք արձանագրուած յառաջխաղացները՝ անգործութեան վերացում եւ սակարանի հիմնական ցուցանիշներու (ինչպէս Dow 30 index) աննախադէպ բարձրացում: Պսակաձեւ ժահրը եկաւ խանգարելու այս բոլորը, տնտեսական այս տուեալները ամբողջովին շրջուեցան եւ պատմականօրէն աննախադէպ բարձրունքներէն ինկան աննախադէպ անդունդներու մէջ իրենց հետ տապալելով Թրամփին ընտրական ռազմավարութիւնը: Այսպիսով Թրամփ ստիպուած է գտնել այլընտրանքներ: Շատ հաւանական է, որ անոր ընտրապայքարին նոր առանցքը կազմէ հակա-Չինաստան քաղաքականութիւնը եւ որպէս իր նախագահութեան չորս տարիներու մեծագոյն նուաճում՝ ներկայացնէ Չինաստանի հետ առեւտուրի նոր համաձայնագիրը: Այս ռազմավարութիւնը, սակայն, տնտեսականին պէս կայուն հիմքեր չունի եւ ամերիկացի քուէարկողը կը դնէ ծանր այլընտրանքներու դիմաց: Հակառակ կողմը՝ Դեմոկրատ կուսակցութեան երկու թեկնածուներէն մէկը ընկերվարական հակումներ ունի, ինչ որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ հերետիկոսութիւն կը համարուի: Սակայն Թրամփին ժահրային ձախող քաղաքականութիւնը առաւել եւս նուազեցուցին անոր ժողովրդականութիւնը եւ այսօր երկրէն ներս սկանտինաւեան երկիրներու ընկերվարական տարբերակը հետզհետէ ընդունելութիւն կը գտնէ: Թերեւս ան յաջողի երկիրը դուրս բերել տասը տարին անգամ մը կրկնուող տնտեսական տագնապներու համակարգէն:
Եւրոպայի մէջ, տարեցը, որ ամբողջ կեանքը տուրքեր վճարած է կառավարութեան՝ ի հաշիւ ապագայի առողջապահական ապահովութեան, այսօր՝ իբր պսակաձեւ ժահրէն ամէնէն աւելի վտանգուած տարր, կը բացայայտէ, որ իր երկրի հիւանդանոցներուն մէջ զինք ընդունող անկողին մը չկայ ահազանգային այս ժամուն: Այս մէկուն պատճառով եւրոպացի քաղաքացին, տարեց թէ երիտասարդ, իր երկրի տիրող համակարգին վրայ վստահութիւնը սկսած է կորսնցնել: Նման պայմաններու լոյսին տակ, եւրոպացին կը հակի դէպի ազգային ծայրայեղական կուսակցութիւններ, որոնք միշտ վարած են նուազագոյն տուրքերու քաղաքականութիւն, երեւոյթ մը, որ ունի իր արմատները Եւրոպայի քաղաքականութեան մէջ նոյնիսկ պսակաձեւ ժահրի տարածումէն առաջ։ Վկայ Աւստրիոյ վերջին ընտրութիւնները 2017-ին, որոնցմէ ետք երկրի ղեկավարութեան մաս սկսաւ կազմել ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւն մը: Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու Թուրքիոյ լկտի քաղաքականութիւնը գաղթականներու հոսքը օգտագործելու իբր Եւրոպայի դէմ զէնք եւ քաղաքական ճնշումի խաղաքարտ, ինչ որ առաւել կը մղէ եւրպացի քուէրկողը ուղղուելու դէպի ազգային աջակողմեան կուսակցութիւններ, որոնց իշխանութեան հասնիլը մեծագոյն վտանգ կը համարուի Եւրպական Միութեան գոյութեան:
Գանք պսակաձեւ ժահրի ծննդավայր՝ Չինաստան: Ան կը ջանայ այս տագնապը շահագործելով աւելցնել իր միջազգային քաղաքական հասանելիութիւնը (global outreach), օգտագործելով Միջազգային Առողջապահական Կազմակերպութիւնը, տարածելու պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման ի՛ր տարբերակը, այս միջոցաւ պարտադրելով պետութիւններուն իրեն հետ համագործակցութիւնը, ինչու չէ նաեւ յաճախ չինական արտադրանք դեղորայքի օգտագործումը: Այս մէկը կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ Չինաստան պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարի յառաջադէմ ուժ է, բայց իրականութեան մէջ անոր ժահրային ռազմավարութիւնը կը միտի կանխարգել ապագային իր դէմ ծաւալուելիք քարոզարշաւը, որ լուրջ վտանգի տակ կրնայ դնել Չինաստանի միջազգային վարկը: Քարոզարշաւի նախնական նշանները գտանք վերջերս ԱՄՆ վարչակազմի պնդումներուն մէջ, ժահրը կոչելու «չինական ժահր» կամ «Ուհանի ժահր», որուն պատճառով աշխարհի 20 գերպետութիւնները (G 20) վերջին գագաթնաժողովի աւարտին ձախողեցան միասնական բանաձեւով դուրս գալ:
Նախորդիւ արդէն յիշած էինք, որ Ռուսիա չհամաձայնեցաւ տագնապալից այս պայմաններուն մէջ քարիւղի արտադրանքը նուազեցնել, որուն պատճառով քարիւղի գիները մեծ անկում արձանագրեցին եւ բազմաթիւ միջին ու փոքր մակարդակի քարիւղի ամերիկեան ընկերութիւններ վտանգուեցան: Այս մէկը Ռուսիա կ’օգտագործէ որպէս Միացեալ Նահանգներուն դէմ քաղաքական ճնշում, վերացնելու համար ամերիկեան պատժամիջոցները, յատկապէս ռուսական քարիւղի մեծագոյն ընկերութեան՝ Ռոստնէֆին դէմ, որ պատասխանատու է ռուսական քարիւղի արտադրութեան 40 առ հարիւրին:
Արդարեւ 2020-ը փոփոխութիւններու տարի է, սակայն պսակաձեւ ժահրին տարածումը չկանխատեսուած արեւելումներ ստեղծեց, միջազգային քաղաքականութիւնը մղելով դէպի անորոշութիւն: Բազմաթիւ գերպետութիւններ եւ միջազգային քաղաքական ուժեր արդէն իսկ փակուղիի առջեւ կը գտնուէին եւ ստիպուած էին զիջումներ կատարելու: Պսակաձեւ ժահրը եկաւ քողարկելու այդ ընկրկումները եւ այդ պետութիւններուն տրամադրեց յարմար պատրուակ:
Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ համաճարակներ անցած են, սակայն այս առաջին անգամն է, որ մարդկութիւնը միակամ, նոյն միջոցներով նոյն մարտահրաւէրին դէմ կը դնէ, ինչ որ կը նշանակէ թէ աշխարհը արդէն թեւակոխած է համաշխարհայնացման փուլը, պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարի ղեկը յանձնելով միջազգային ոչ-կառավարական մարմինի մը՝ ՄԱԿ-ի Միջազգային Առողջապհական Կազմակերպութեան, ի շահ մարդկութեան:
Յովիկ Ղազարեան
(Շար. 2 եւ վերջ)