Աշխարհով մէկ տարածուող եւ մարդոց կեանքին սպառնացող պսակաձեւ ժահրի ախտանշաններուն եւ բժշկական թելադրանքներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդելու մեր ընթերցողներուն, «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՀ Մարդասիրական խումբի բժիշկ-վարակաբան Տիգրան Չիլինկիրեանի հետ:

«Գանձասար»- Որո՞նք են պսակաձեւ ժահրով վարակուած ըլլալու ախտանիշները եւ ո՞ր պարագաներուն պէտք է դիմել բժիշկին:

Տիգրան Չիլինկիրեան- Հիւանդութիւնը կրնայ ընթանալ ինչպէս ախտանշաններով, այնպէս ալ առանց ախտանշաններու: 45% հիւանդներուն մօտ հիմնականօրէն, ի սկզբանէ, ջերմութիւն կը յայտնուի, 65%-ին մօտ՝ հազ, 15%-ին՝ միզային համակարգի բորբոքում, 10%-ին ստամոքսաղիքային համակարգի բորբոքումի եւ այլ ախտանիշներ:

«Գ.»- Ինչպիսի՞ քննութիւններու կ’ենթարկուի հիւանդը եւ քանի՞ փուլերով կ’ընթանայ բուժումը:

Տ.Չ.- Հիւանդութեան ախտորոշման համար կը կատարուի արեան ընդհանուր քննութիւն ( լիմֆոցիտներու (lymphocytes) (աւշաբջիջային «Գ.») քանակ), ելեկտրոլիտային (ելեկտրալոյծ «Գ.») հաւասարակշռութեան որոշում, քրէաթինի ֆոսֆոքինազայի (creatine phosphokinase) որոշում եւ պսակաձեւ ժահրի յայտնաբերման համար PCR հետազօտութիւն:

«Գ.»- Այս հիւանդութիւնը միայն տարեցներու՞ն համար մահացու կրնայ ըլլալ: Ին՞չ կը թելադրէք պսակաձեւ ժահրէն զերծ մնալու համար: Հականեխիչ ինչպիսի՞ դեղեր պէտք է օգտագործել անձնական եւ բնակարանային կամ հասարակական վայրերու մաքրութեան համար: Դնչակապերը որքանո՞վ կը նպաստեն կանխելու ժահրին փոխանցումը:
Տ.Չ.- Հիւանդութեան ընթացքին համար վտանգաւոր խումբի մէջ կը համարուին 55 տարեկանէն վեր, ինչպէս նաեւ ուղեկցող հիւանդութիւններ ունեցող` մասնաւորապէս թոքային, սրտային, երիկամային հիւանդութիւններ, շաքարախտ, իմունոտեֆիցիթ (immunodeficiency) եւ հիպերթօնիք (hypertonic) հիւանդութիւն ունեցող անձեր: Հետազօտութիւններու աւարտէն ետք, բուժման ծրագիրը կազմելու ընթացքին նկատի կ’առնուի ուղեկցող կամ քրոնիկ հիւանդութիւններու առկայութիւնը (իրենց համապատասխան բուժման ծրագիրով): Կ’իրականացուի նաեւ ախտանշանային, ինչպէս նաեւ հակազերծական խթանիչ, հակաժահրային բուժում:
Բնակարաններու, հասարակական վայրերու եւ այլ տարածքներու ախտահանման համար անհրաժեշտ է օգտագործել քլոր պարունակող ախտահանիչ նիւթեր, իսկ անհատները տունէն դուրս գալու պարագային պէտք է անպայման կրեն պաշտպանիչ դնչակապեր եւ բժշկական ձեռնոցներ, յաճախակիօրէն լուացուին օճառով եւ օգտագործեն ձեռքերու համար նախատեսուած ախտահանիչ նիւթեր: Խորհուրդ կը տրուի նաեւ յաճախակի կատարել բերնի խոռոչի ողողում աղի ջուրի լուծոյթով: Վերոգրեալ ախտանիշներու պարագային ինքնաբուժումով չզբաղիլ եւ համապատասխան մասնագէտի դիմել։

«Գանձասար» շնորհակալութիւն կը յայտնէ բժիշկ-վարակաբան Տիգրան Չիլինկիրեանին իր սպառիչ պատասխաններուն համար:

Հարցազրոյցը վարեց
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան