«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարի շրջագիծէն ներս Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանին օժանդակելու մասին 8 Ապրիլին Պոլսոյ պատրիարքութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մասին հարցում ուղղած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեանին: Նաղդալեան ըսած է, որ ծանօթ է Պոլսոյ պատրիարքարանին կողմէ հրապարակուած` Թուրքիոյ նախագահին հետ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութեան վերաբերող մամլոյ հաղորդագրութեան: «Իբրեւ երրորդ կողմ, ձեռնպահ կը մնանք ոչ պաշտօնական տեղեկատուութիւնը մեկնաբանելէ: Բոլոր պարագաներուն, օրակարգի վրայ նման հարց գոյութիւն չունի», շեշտած է  Նաղդալեան:

Թղթակիցը հարց տուած է, թէ փակ սահմաններու առկայութեան եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կարելի կրնայ ըլլալ կազմակերպել Թուրքիայէն Հայաստանի քաղաքացիներուն Հայաստան տեղափոխելու գործընթացը: «Տեղեակ էք, որ Հայաստանի կողմէ կը ձեռնարկուին բոլոր կարելի միջոցները` մեր քաղաքացիներուն վերադարձը Հայաստան ապահովելու ուղղութեամբ, եւ առաջնահերթութիւն կը տրուի յատկապէս համավարակի լայն տարածում ստացած երկիրներուն մէջ դժուար կացութեան մէջ յայտնուած մեր քաղաքացիներու տեղափոխման: Այդ պատճառով որոշում տրուած է տեղափոխել Թուրքիա գտնուող եւ Հայաստան վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած մեր քաղաքացիները», ըսած է Նաղդալեան: