«Երկիր».- Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ալեքսանդր Պուլրիս (Նոր Դեմոկրատ) եւ խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախկին նախագահ Հարոլտ Ալպրէխթ (Պահպանողական) ընկերային ցանցերու վրայ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն պահանջեցին սրբագրել Թուրքիոյ դեսպանատան թուիթըրեան գրառումը, շեշտելով, որ գրութիւնը խոտոր կը համեմատի Քանատայի հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան եւ չի յարգեր ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը:

Նշենք, որ 1 Ապրիլին, Անգարայի մօտ Քանատայի դեսպանատունը թուիթըրեան յայտարարութիւն մը կատարած էր, որուն մէջ կը շեշտուէր, որ Քանատան կ’աջակցի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ չի ճանչնար Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքները:

3 Ապրիլին, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ մը յղեց Քանատայի Արտաքին Գործոց նախարար` Ֆրանսուա Ֆիլիպ Շամբայնին, յորդորելով` ջնջել տալ Անգարայի մօտ Քանատայի դեսպանատան անխոհեմ թուիթըրեան գրառումը, որ կը վերաբերի  Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքներուն: Աւելին, յանձնախումբը նոյն հաղորդագրութեամբ պահանջեց տուն կանչել դեսպանը` իր անպատասխանատու քաղաքական դիրքորոշումին համար, որ կը հակասէ պաշտօնական Օթթաուայի խաղաղութեան եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութէան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած Քանատայի արտաքին քաղաքականութեան: