Քրիստոնեայ աշխարհը Ապրիլի այս օրերուն կը վերանորոգուի Սուրբ Յարութեան խորհուրդով։ Մարդեղինացած Յիսուս Քրիստոսի աստուածակերպ օրինակով՝ Սուրբ Յարութեան տօնը լուսաւորեց ինքնամաքրման եւ անմահութեան ուղին հանուր մարդկութեան առջեւ։
Արդարեւ, Կիրակի առաւօտեան Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Յարութեան պատարագ, զոր մատոյց և յաւուր պատշաճի քարոզեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան եւ որուն կը սպասարկէր արժանապատիւ Տէր Պսակ քահանայ Պէրպէրեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս Սարակաւագաց դասը։ Հոգեպարար արարողութիւնը կատարուեցաւ դռնփակ։ Պահը խօսուն էր. միեւնոյն ատեն Ամենակալ Աստուծոյ երկրպագողները բացակայ, Սերովբէներն ու Քերովբէները կ՚աւետէին Միածին Որդւոյն օրհնեալ Յարութիւնը։ Եւ հասաւ պահը, երբ հոգեշնորհ հայր սուրբը իր որդիական ակնածանքն ու զգացումները յայտնեց ՆՍՕՏՏ Արամ Հայրապետին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին և Ճեզիրէ հայութեան։ Ապա պատարագիչ հայր սուրբը օրուան խորհուրդը ուղղեց առցանց ուղիղ սփռումով Առաջնորդարանի դիմատետրին միջոցաւ։

Ան դիտել տուաւ, որ Ս. Յարութեան տօնին Քրիստոսի լոյսը կը ճառագայթէ ամէնուրեք։ Օրը Քրիստոսի անմոռանալի յիշատակին օրն է ողջ քրիստոնէութեան համար։ Յաղթանակի օր է հաւատացեալներուն համար։ Քրիստոս յաղթեց չարին։ Լոյսը յաղթեց Խաւարին։ Անմահը յաղթեց մահին։
Ս. Յարութեան օրը հրեշտակները երկինքէն կ՚իջնեն աւետելու մեզի, որ Քրիստոս հոս չէ, այլ Յարութիւն առաւ։ Ցնծա՛, ով աշխարհ, ահաւասիկ Թագաւորը կենդանի է։
Ուրախացէ՛ք քրիստոսնեաներ, մեր Տիրոջ Լոյսը ճառագայթեց մութ գերեզմանէն։ Պար բռնէ՛, ով հաւատացեալ ժողովուրդ, քանզի Քրիստոս մեզի յարութիւն տուաւ։

Եկէք այսօր միասնաբար աղօթենք մեր Աստուծոյն՝ ըսելով. «Ով Տէր, Դուն ես ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը։ Ով Տէր, փրկէ Քու հաւատացեալ ժողովուրդդ ամէն տեսակի չարէ ու չարիքէ. թոյլ մի՛ տար, որ Քու սէրէդ զրկուինք, այլ միշտ օրհնէ մեզ՝ Քու արիւնովդ կնքուած զաւակներդ։ Յարուցեալ Փրկիչ, փրկէ մեզ ամէն տեսակի փորձութենէ եւ առաջնորդէ մեզ քալելու քու լուսաւոր ճամբէդ»։

Յակոբ Սարկաւագ Պարսումեան