Լաթաքիոյ մէջ, պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման առաջին քայլերուն հետ, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը յառաջացուց շտապ օգնութեան յանձնախումբ մը, որ անմիջապէս անցաւ ծառայողական աշխատանքի։ Յանձնախումբը բժշկական անհրաժեշտ կարիքներու համար կապ հաստատեց նահանգի Առողջապահութեան գրասենեակին հետ եւ մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դրաւ հիւանդանոցներու, բժիշկներու եւ շտապ օգնութեան կեդրոններու հեռաձայնի թիւեր։ Այնուհետեւ յայտարարութիւններով ժողովուրդը իրազեկ դարձուց պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու քայլերուն։

Այս շրջանին փակուած էին արդէն Լաթաքիոյ ակումբը, դպրոցը եւ եկեղեցին։ Արարողութիւնները առցանց կը սփռուէին։

Յանձնախումբը շարունակելով իր աշխատանքը հականեխեց հայկական կարգ մը կեդրոններ, ինչպէս եկեղեցին, ակումբը եւ հոգետունը, սննդակողովներ, դեղեր, հականեխիչ նիւթեր, ձեռնոցներ բաշխեց ընտանիքներու, գործակցելով բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ։

Նոյն օրերուն, ՀՄԸՄ-ի արի-արենոյշները եւս ծառայողական աշխատանքի ձեռնարկեցին, հականեխեցին կարգ մը կեդրոններ եւ ժողովուրդը համացանցի ճամբով իրազեկ դարձուցին նախազգուշական բազմապիսի քայլերու։