Հայ մշակոյթը այսօր մեզի հասած է կտրելով դարերու ճամբայ, անցնելով բազմապիսի փորձութիւններէ։ Սական անոնցմէ ոչ մէկը կրցած է կասեցնել անոր ընթացքը, շնորհիւ մշակոյթի նուիրեալներուն։ Այս հոգիով է, որ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, իր աշխարհացրիւ կառոյցով ընդհանրապէս եւ Սուրիոյ շրջանը յստկապէս, որոշեց չանսալ ժամանակի պարտադրանքին, այլ՝ գործելաձեւը փոխելով հասնիլ ճգնաժամի մէջ գտնուող մարդկութեան։
Պսակաձեւ ժահրի տարածման նախզգուշական քայլերու շրջագիծէն ներս, 13 Մարտէն սկսեալ Սուրիոյ կառավարութեան որոշումով երկրի տարածքին մշակութային գործունէութիւնները դադրեցան՝ ցնոր տնօրինում։ Այս իրավիճակի լոյսին տակ, մեկնելով միութեանս Կեդրոնական Վարչութեան ուղղուածութենէն, Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը թելադրեց բոլոր մասնաճիւղերուն ու միաւորներուն աշխատանքի հարթակը փոխադրել դէպի թուայնացած աշխարհ, օգտուեով համացանցին ու ընկերային ցանցերուն ընձեռած դիւրութիւններէն։ Յարմարութեան համեմատ, վարչութիւններուն մեծամասնութիւնը արձագանգեց այս թելադրանքին եւ յաջողեցաւ տանիլ ծաւալուն գործունէութիւն։
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Հակառակ ստեղծուած կացութեան Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը շարունակեց իր գործունէութիւնը, օգտուելով համացանցի ընձեռած կարելիութիւններէն։
Շրջ. Վարչութեան այս շրջանի գործունէութեան հիմնական առանցքը հանդիսացաւ պահպանել մասնաճիւղերուն ու միաւորներուն աշխուժութիւնը եւ ամէն կարելիութիւն ի գործ դնել անոնց առցանց գործունէութեան իրականացման, յատկապէս զարկ տալով քարոզչական բնագաւառին։ Յիշեալ քաղաքականութեան իբր արդիւնք, իրականացան հետեւեալ աշխատանքները.-
1) ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐ
Ա. «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ, ՀԱԼԷՊ
Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբը արդէն իսկ սկսած էր մանկապատանեկան ասմունքի դասընթացք։ Առողջապահական մեկուսացումէն ետք, դասընթացքի մասնակիցները համացանցային կապով շարունակեցին հետեւիլ իրենց ուսուցչուհիին՝ ընկհ. Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանին ցուցմունքներուն եւ իրենց պատրաստած ասմունքները ներկայացնել մասնաճիւղի դիմատետրի էջին միջոցաւ։ Այցելելով մասնաճիւղի դիմատետրի էջը «Hamazkayin Ն. Աղբալեան» հասցէով, կրնաք հետեւիլ անոնց գեղեցիկ ասմունքին։
Բ. «ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ, ԳԱՄԻՇԼԻ
Երկար տարիներու բացակայութենէ ետք, 2020-ի Մարտ ամսուան ընթացքին, տեղւոյն Պատկան Մարմնին հետ համագործակցաբար, կարելի եղաւ վերակենդանացնել միութեանս Գամիշլիի «Աւետիս Ահարոնեան» երբեմնի մասնաճիւղը։ Վարչութեան նշանակումին դժբախտաբար յաջորդեց ստեղծուած արտակարգ վիճակը, որուն լոյսին տակ նորակազմ վարչութիւնը սկսաւ տանիլ առցանց գործունէութիւն, դիմատետրի իր էջին վրայ զետեղելով հայ մշակոյթի ու անոր անմահ գործիչներուն մասին հետքրքրական երկլեզու տեղեկութիւններ։ Դիմատետրի վրայ մասնաճիւղին էջը կրնաք գտնել «Hamazkayin Kamishly» անուան տակ։
2) ՄԻԱՒՈՐՆԵՐ
Ա. «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑ
Հասցնելու համար երաժշտութեան ամոքիչ ուժը բոլորին, յատկապէս տիրող պայմաններու լոյսին տակ, «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական դպրոցի վարչութիւնը առօրեայ հերթականութեամբ դիմատետրի իր էջին վրայ կը զետեղէ զանազան տարիքի իր աշակերտներուն կատարումները։ Անոնք իրենց տուներէն իսկ հաղորդակից կը մնան երաժշտական արուեստին եւ առցանց կը հետեւին իրենց ուսուցիչներուն ցուցմունքաներուն։ Ուշագրաւ է յատկապէս ձայնամարզութեան դասընթացքի աշակերտներուն մասնակցութիւնը, քղցրահունչ երգերով։ Լսելու համար բոլոր երգերն ու նուագները, կրնաք հետեւիլ երաժըշտանոցի դիմատետրի էջին, որ կը գործէ «Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոց – Հալէպ» անուան տակ։
Բ. ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ
Պատերազմի ամէնէն դժնդակ պայմաններուն տակ իր գործունէութիւնը շարունակած Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը չընկրկեցաւ նաեւ պսակաձեւ ժահրին դիմաց։ Շնորհիւ հիմնարկի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, միաւորի վարչութեան եւ Շրջ. Վարչութեան աշխոյժ համագործակցութեան, կարելի եղաւ ստեղծել մատչելի առցանց համակարգ, որուն ընդմէջէն հիմնարկի դասաւանդութիւնները կը շարունակուին անխափան կերպով։ Իրազեկ ըլլալու համար հիմնարկի նորութիւններուն, կրնաք այցելել անոր դիմատետրի էջը «Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկ՝ Հալէպ» անուան տակ։
Գ. «ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ» ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐ
Առողջապահական մեկուսացման շրջանին, թատերական միաւորը յաջողեցաւ տանիլ առցանց բազմակողմանի գործունէութիւն։
1- Թատրոնի Միջազգային Օր
Նշելու համար Թատրոնի Միջազգային Օրը, միաւորէն խումբ մը ընկերներ 27 Մարտին ընթերցեցին օրուան նամակը եւ տեսերիզը զետեղեցին միաւորի դիմատետրի էջին վրայ։
2- «Քորոնա Քարեակ» Մարտահրաւէր
Նախաձեռնութեամբ միաւորի վարչութեան, սիզբ առաւ «Քորոնա Քարեակ» մարտահրաւէրը, որուն մասնակիցները կարճ տեսերիզի ընդմէջէն կը ներկայացնեն խրատական քառեակ մը, պայմանաւ որ ան սկսի «Քորոնա-քորոնա» արտայայտութեամբ։ Մարտահրաւէրը տակաւին կը շարունակուի եւ մինչեւ օրս անոր մասնակցած են աւելի քան 14 զանազան տարիքի անհատներ, տարբեր շրջաններէ՝ միաւորի անդամ թէ ոչ։
3- «Կար Ու Չկար» Հեքիաթներու Շարք
Օգտուելով բժշկական մեկուսացման շրջանէն, միաւորէն կարգ մը ընկերներ ձեռք բերին գծագրութիւններ շարժելու (animation) հմտութիւնը եւ սկիզբ առաւ «Կար Ու Չկար» մանկական հեքիաթներու շարքը, որուն ծիրէն ներս շաբաթական հերթականութեամբ կը ներկայացուին հայկական եւ օտար հեքիաթներ, իւրայատուկ բեմադրութեամբ։
4- Ծիծաղի Զաւեշտներ
Ստեղծելու համար դրական մթնոլորտ մեկուսացման պայմաններու մէջ, միաւորի վարչութիւնը յարմար գտաւ հերթականօրէն զետեղել նախկին ծիծաղի երեկոներէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ ներկայ իրավիճակը ծաղրող զաւեշտներ։
Թատերական միաւորի գործունէութեան կրնաք հետեւիլ դիմատետրի միջոցաւ, ուր յատուկ էջ կը գործէ «Համազգայինի Լեւոն Շանթ Թատերական Միաւոր» անուան տակ, ինչպէս նաեւ Youtube-ի կայանէն «Hamazkayin Taderagan»։
Դ. «ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ
Նկատի առած, որ կառավարական սահմանափակումները չեն ներառեր շինարարական աշխատանքները, «Զաւարեան» մշակութային կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին, շէնքի Հոգաբարձութեան եւ Շրջ. Վարչութեան վերահսկողութեամբ։ Այս շրջագիծէն ներս 6 Ապրիլին, Նոր Գիւղ կատարած իր այցելութեան ընթացքին թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան այցելեց նաեւ վերանորոգուող կեդրոնը, մօտէն ծանօթացաւ աշխատանքներուն եւ օրհնեց զանոնք։ Այս մասին թղթակցութիւն լոյս տեսաւ «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ։
ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՕՐԵՐ
Ծաղկաղարդի եւ Քրիստոսի յարութեան զոյգ տօներուն առիթով Շրջ. Վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու եւ միաւորներու վարչութիւնները շնորհաւորական բացիկներ զետեղեցին իրենց դիմատետրի էջերուն վրայ։
Համազգայինի Սուրիոյ
Շրջ. Վարչութեան Քարոզչական Կեդր. Յանձնախումբ