– Կ’ուզեմ որ անմիջապէս անցնիս գործի,- ըսաւ հազար-հազար հրեշտակի ձայնէն աւելի քաղցր ու զնգուն ձայնով…
– Բ… բայց, Տէ՛ր իմ…
– Բայց ի՞նչ… Չե՞ս ուզեր աշխատիլ,- հարցումին հետ բացուեցաւ հազար-հազար արշալոյսէ աւելի խոստմնալից ու բոսոր ժպիտը,- Գիտե՛մ, եկած ես գտնելու այն հանգիստը, որ չգտար փշոտ աշխարհին մէջ։ Մի՛ վախնար, հոս յոգնութիւն չկայ, կայ միա՛յն աշխատանքին հաճոյքը։ Ծուլութիւնը ինծի համար անընդունելի է, պէտք է ամէն հոգի բանով մը զբաղի… երգե՞լ ալ չես գիտեր…
– Դ… Դո՛ւք զիս այսպէս ստեղծեցիք…
– Այո՛, այդպէս է եւ Մենք Մեր պատճառները ունինք։ Մինչեւ հոս վստահեցար Ինծի՝ հո՛ս ալ կրնաս վստահիլ… Այնպէս չէ՞,- եւ հարցական փայլքով մը յարեց հազար-հազար ովկիանոսէ աւելի խոշոր ու բարութենէն աւելի բարի աչքերը։
– Այնպէս է,- եղաւ խեղճ ու կրակ պատասխանը։
– Գաբրիէ՛լ,- ոռոտաց հազար-հազար շեփորէ աւելի ուժգին ձայնը։
Եւ երեւցաւ Գաբրիէլը, իր ոսկի հանդերձանքով, ձիւնափայլ թեւերը շքեղօրէն բացուած, գօտիին մէկ կողմէն կայծակէ սուրը, միւսէն ադամանդեայ փանդիռը կախուած, պատրաստ զինուորի պէս։ Հոգին դողաց պատկերին փառահեղութեան դիմաց։ Փշոտ աշխարհին ձգած էր վախը, բայց հոս՝ այս ամպերուն վրայ, զգացումներու տարբեր երանգներ կային…
– Տա՛ր զինք, թող սկսի իր աշխատանքը։
Գաբրիէլին մէկ նայուածքը բաւարար էր, որ Հոգին անտրտունջ հետեւէր անոր։ Չհեռացած, վերջին անգամ դարձաւ ու նայեցաւ Անբացատրելիին ու երկուքով ձուլուեցան զուարթագին երգերուն մէջ։
* * *
Հիմա նստած ամպիկի մը վրայ, իր շրջապատը կը դիտէ։ Հեռու ու մօտ կը շարունակուէին զուարթ երգերը, հպարտ փառաբանութիւնները։ Այս ամպը համեմատաբար լուռ էր։ Եւ անդորրին մէջ զգաց մէկու մը մօտենալը։ Չէր սխալած, մոխրագոյն զգեստ, աւելի համեստ թեւեր ու յամառ նայուածք ունէր մօտեցողը։
– Բարի եկած ես,և ձայնը բարի, բայց տափակ էր,և գիտե՞ս ինչու հոս ես։
– Այո՛, բացատրեց ինծի…
– Գիտե՞ս ճիշդ ինչպէս պիտի աշխատիս։
Գլուխը թափահարած ձեւէն ո՛չ «այո»ն կը հասկցուէր, ոչ ալ` «ոչ»ը։ Եկուորը զգեստին ծալքերուն մէջէն հանեց ոսկեգոյն բան մը ու երկարեց անոր։
– Այս ի՞նչ է…
– Մկրատ։
– Մկրա՞տ…
– Կեանքիդ ընթացքին չէի՞ր տեսած։
– Տեսած եմ, բայց ինչո՞ւ…
– Գործդ կատարելու համար,- երկար մատներովը քովի ամպէն բարակ բան մը քաշեց։
– Այստեղէն կ’առնես հում նիւթը, այս մկրատով կը կտրես ու հո՛ն կը դնես։
Բացատրութիւնը կարճ, հապճեպ, բայց բաւարար էր։ Ափին մէջ առաւ ոսկի մկրատը, զգաց անոր մատներուն պաղութիւնը, բայց մինչեւ գլուխը բարձրացնելը արդէն խօսակիցը հեռացած էր։
Տարօրինակ արարած, որ կարծես անյարիր էր եթերային, այս շրջապատին։ Զնգուն ձայներուն մէջ տափակ ձայն մը, ձիւնափայլ զգեստներուն մէջ մոխրագոյն քուրձ մը, ժպտուն դէմքերուն մէջ անժպիտ զուարթուն մը՝ պաղ մատներով։
Ամպէն քաշեց բարակ կտոր մը ու բացատրութեան համեմատ կատարեց առաջին փորձը։ Ափերուն մէջ փայլեցաւ առաջին ձիւնի փաթիլը։ Աստուա՛ծ իմ, այս ի՛նչ հրաշք է… Ափերուն մէջ բռնած էր ձիւնի փաթիլ մը, տաքո՜ւկ-տաքուկ… այնքա՛ն տաքուկ, որ ամբողջ հոգին բռնեց տաքութիւնը։
Կատարելութի՛ւն
Բան մը, որուն կը ձգտէր ամբողջ էութեամբ այն փշոտ աշխարհին մէջ, բայց չէր գտներ… քանի-քանի գիշերներ լուսցուցեր էր անոր սիրոյն։ Պէս-պէս կտաւներ մատներու հպումով կեանք առած էին ու վերածուած խայտաբղէտ զգեստներու, յաճախորդներ իր շեմքէն հեռացեր էին միշտ գոհունակ ժպիտով ու ինք մնացեր էր դրան ա՛յս կողմը մոխրահամ կճռտուք մը ակռաներուն տակ։ Որքան կը սիրէր աշխատանքը այնքան կ’ատէր իր գործերը։ Անոնք միայն թոյլ նմանութիւն մը ունէին իր մտքին մէջի սաղմին, որ միշտ կը թուէր թէ ծանր երկունքէ ետք ոչ թէ կը ծնէր, այլ ամէն անգամ կը վիժէր։
Իսկապէ՛ս փշոտ աշխարհ, ձախողութիւններու անվերջանալի թուող շարք մը, որ պիտի աւարտէր իր հոս գալով։ Աշխատանքը իրմէ օտար չէր, պարզապէս կը յուսար անոր բեռէն ձերբազատիլ… Հիները ճիշդ ըսեր են՝ «Կեանքը կը վերջանայ՝ գործը չի վերջանար»
* * *
Ինչպէ՞ս բացատրել ժամանակի թաւալիլը հոն, ուր ժամանակ գոյութիւն չունի, հոն ուր գործերն ու դէպքերը կ’անցնին յաւերժութեան ծփծփուն ու ոլորուն սլաքներուն հետ… Յաճախ երբ երկրի վրայ եկեղեցի կ’երթար, կը մտածէր, թէ ինչո՛ւ այդպէս տիրապետող ներկայութիւն ունէր ժամացոյցը, որ երբեմն նոյնիսկ անյարմար պահերու իր թոյլ զանգակով կլոր ժամը կ’ազդարարէր։ Հերետիկոսութիւն չէ՞ Անժամանակին ներկայութիւնը ժամացոյցի «փենփիւլ»էն կախել ու կտրել ու կտրտել… Հիմա կը հասկնայ, որ ժամանակը կայ, այնքան ատեն որ կայ աշխատանք, կան իրարայաջորդ դէպքեր։ Հոս պարզապէս անզօր է ան ու խորշոմներ չի ձգեր դէմքերուն ու ձեռքերուն վրայ… թերեւս որովհետեւ չկան դէմքեր ու ձեռքեր, որ խորշոմին…
Մտածումնե՜ր, մտածումներ…
Ահա եւս բան մը, որմէ չէր ազատած, կը պատկերացնէ՞ք մտածել ոչ թէ գլուխով, այլ ամբողջ էութեամբ եւ իւրաքանչիւր մտածումի հետ ծնունդ տալ նոր ձիւնի փաթիլի մը։ Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն մէկ ձիւնի փաթիլ կատարեալ է ու անկրկնելի։ Անոնք իրենց երանգը կ’առնեն մտածումի փայլքէն ու ձեւը՝ ոսկի մկրատին հարուածներէն, որոնք մտածումներու ուղղութեամբ կ’երթան… ա՛լ ինչպէ՞ս նմանէր մէկը միւսին։
Զուարթագին երգերէն հեռու, դրախտի մէկ լուռ անկիւնը նստած, Հոգին, որ երգել չի գիտեր ձիւնի փաթիլներ կը կտրէր, տարիներ, տարիներ, դարեր շարունակ։ Միակը չէր։ Կային իր նմանները, բայց ընդհանրապէս իրարմէ հեռու կը նստէին անոնք ու ոչ միայն չէին երգեր, այլ նաեւ չէին խօսեր ու բացարձակ լռութեան մէջ ծնած հոգիներու ջերմութիւն բերող պաղ ձիւնի փաթիլները լուռ կը սահէին երկինքէն…
Ամէն օր կու գար Մոխրագոյն Զգեստաւորը եւ փաթիլ կտրողներէն կը հաւաքէր անկատար փաթիլները, որոնք խորթ մտածումի մը պահուն անկանոն ձեւ կամ գոյն առած կ’ըլլային։ Բացատրութիւն չէր տար, պարզապէս տոպրակի մը մէջ հաւաքելով թեւերուն թափ կու տար ու կը հեռանար… «Ո՞ւր կը տանիս», ամէն անգամ կը հարցնէր Հոգին ու անպատասխան կը մնար։ Արդեօ՞ք չէր պատասխաներ, որովհետեւ իր քով ամէնէն քիչը կը գտնուէին անկատար փաթիլներ… թերեւս, բայց առանց յուսահատելու, ամէն անգամ կը կրկնէր հարցումը։
Ու այսպէս, կրկնուող դէպքերը ժամանակի թաւալումի զգացում կու տային…
– Ո՞ւր կը տանիս
– Դուն զիս չե՞ս ճանչնար։
Աչքերը զգեստին պէս մոխրագոյն էին ու նայուածքը ձեռքերէն աւելի սառոյցային.
– Չէ… ո՞ւր կը տանիս։
– Մի՞շտ այդպէս հետաքրքիր եղած ես։
– Ո… ոչ… ես… կը սիրեմ…
– Կը սիրե՞ս
– Այո, կը սիրեմ իմ փաթիլները, նոյնիսկ անոնք, որոնք կատարեալ չեն։ Անոնք ալ ի՛մս են… ո՞ւր կը տանիս…
– Դուն զիս չես ճանչնար
Ու վերջին խօսքերուն հետ թեւերուն թափ տալով հեռացաւ։ Յաջորդ հանդիպումին շրթունքներուն ծայրերը քիչ մը դէպի վեր ոլո-րուած էին, բայց այս անգամ հարցո՛ւմ չկար։ Փաթիլները քուրձին մէջ դրաւ։ Լռութիւն… թեւերը չթափահարած ետ դարձաւ ու նայեցաւ։ Հոգին ամբողջ ուշադրութեամբ մը կը կտրէր փաթիլ մը, որ տարօրինակ արատասովոր գոյն ունէր։
– Այդ մէկը գալ գալուս կը տանիմ։
Անպատասխան մնալով թեւերը թափահարեց ու հեռացաւ…
* * *
Ամպին անկիւնը բաւական բարձրացաւ անկատար փաթիլներուն կոյտը, իսկ Մոխրագոյն Զգեստաւորը չէր գար ու չէր գար…
Պակա՞ս… այո, պակա՛ս… պակաս բան մը կար։ Դրախտին մէջ ալ պակասի զգացումը ձեւով մը կրնայ բռնել հոգիները, մանաւանդ երբ անկատար փաթիլներու կոյտը աւելի ու աւելի բարձրանայ, եւ իր անտարբերութեան մէջ հարազատ դէմքը ա՛լ չերեւի… ո՞ւր է արդեօք, ո՞ր ամպին անկիւնը լուռ ու մունջ կը հաւաքէ անկատար փաթիլները… փնտռտուքը, կարօտ յիշեցնող տամուկ զգացումը՝ գալէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով խռովեցուցին Հոգին, սկսան մկրատէն աւելի յաճախ սպրդիլ անկատար փաթիլներ։ Կոյտը հետզհետէ վայրի գազանի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր վրան, գազան մը, որ երախը բաց կը սպասէ Հոգին կուլ տալը։ Պէտք է բան մը ընել, ու կտրուկ որոշումին հետ ոսկի մկրատը գրպանը դրաւ ու գնաց։
Ո՞ւր, ինքն ալ չէր գիտեր…. ամպէ-ամպ կ’ոստոստէր ու կը դիտէր շրջապատը։ Աստուա՛ծ իմ, այսքան ատեն ինչո՞ւ իր ամպին գերին մնացած էր, ինչո՞ւ չէր տեսած ու չէր լսած այս բոլորը։
Ակնածանքով սկսաւ դիտել հոս ու հոն հաւաքուած զուարթագին խմբակները։ Անոնցմէ ամէն մէկը միւսէն գեղեցիկ երգ ու երաժշտութեամբ կը թնթացնէր ամբողջ դրախտը, բայց բոլորին մէջէն ամէնէն հետաքրքրականը, ամէնէն զուարթագինը, փոքրիկ խմբակ մըն էր՝ անդամները հազիւ մէկ ձեռքի մատներուն թիւով, քանի մը հոգի, քանի մը հրեշտակ՝ բոլորը վարդագոյն զգեստներով ու քիչ մը աւելի շողացող դէմքերով։ Մէջտեղը կանգնած հոգին, ձեռքը փառահեղ տաւիղով այնպիսի սրտառուչ մեղեդիներ կը յօրինէր, որ անկարելի էր չյափշտակուիլ։ Քայլ մ’առջեւ, քայլ մը ետեւ մօտեցաւ անոր։
– Նուագդ… շատ… գեղեցիկ… է…
– Շնորհակալ եմ։
Անոր նայուածքին հետ տարօրինակ տաքուկ բան մը կարծես բռնեց հոգին։
– Միացի՛ր մեզի…
– Այո, այո, այո…
Ո՛չ… որքան խնդրանքները զինք կը քաշէին այնքան վախը հակառակ կողմ կը հրէր… Չէ՞ որ ինք երգել չի գիտեր։
Վազեց, վազեց, շնչասպառ՝ ինքզինքը գտաւ իր ամպին վրայ ու… Ո՜վ զարմանք… կոյտը չկար, կար միայն այն տարօրինակ գոյնի փաթիլը, որ անցեալ անգամ ալ չէր առած։ Ամբողջ էութիւնը կը դողար… վերցուց փաթիլը։ Տաքուկ չէր, անոր ձեռքերուն պաղը կար մէջը։ Պաղութեան մէջ հարազատ փաթիլը սեղմեց ամուր, ամուր ու անոր հետ պաղեցաւ եւ խռովքը։
Այլեւս փաթիլները տարբեր փայլք ու ձեւ ունէին եւ ոչ մէկ նոր անկատար փաթիլ կը սպրդէր մկրատէն։ Բոլորը, իրենց ամբողջ տարօրինակութեամբ, կատարեալ էին։ Իր կտրած փաթիլներուն հռչակը ամբողջ դրախտին մէջ տարածուեցաւ։ Հրեշտակ մը կամ հոգի մը չկար որ չէր եկած զանոնք տեսնելու եւ զմայլելու անոնց ձեւին, չափին ու գոյնին։ Բայց Մոխրագոյն Զգեստաւորը չկար…
* * *
– Որքան գեղեցիկ է։
Զնգուն ձայնը ծանօթ թուեցաւ։ Դարձաւ, նայեցաւ ու աչքերուն չհաւատաց։ Ոսկեթել տաւիղը թեւին տակ, վարդագոյն զգեստին փայլքը դէմքին, իւրաքանչիւր բառ կ’ըսես երգ մըն էր…
– Շ… շնորհակալ… եմ…
– Տակաւին ամչկոտ ես։
Ու ծիծաղը հարիւրաւոր զանգակներու հնչիւնը եւ հարիւրաւոր գարնան աղբիւրներու կարկաչը ունէր։
– Չէ… պ… պարզապէս…
– Պարզապէս, գործը խօսքէն աւելի՞ կը սիրես։
 Ըսաւ, մեղմութեամբ ձեռքէն մկրատը առաւ ու արագ, հմուտ շարժումներով սիրուն փաթիլ մը կտրեց։
– Ինչպէ՞ս։
– Ինչպէ՞ս ի՞նչ… ինչպէ՞ս կրնամ կտրել։
– Ա… այո…
– Ես ալ երբ որ նոր եկայ, քեզի պէս փաթիլ կը կտրէի,- պահ մը լռութիւն տիրեց.- ինչո՞ւ լուռ ես։
– Կը մտածեմ որ… ինծի ըսուեցաւ, որ հոս երգել չգիտցողները կու գան։
– Այդպէս է, երգել չէի գիտեր… անկեղծ ըսեմ՝ փաթիլ կտրելու մէջ ալ քեզի չափ վարպետ չէի։
– Դուն գտեր ես քու բնական առաքելութիւնդ։
– Դուն չե՞ս գտած… եւ այնքան լաւ կը կըտրես…
– Պարզապէս որովհետեւ բան մը լաւ կ’ընես, ըսել չէ որ առաքելութիւնդ է։
– Բնաւ չէի մտածած ըսածիդ մասին… դժգո՞հ ես։
Գլուխը թափահարեց ժխտական ու հազիւ լսելի ձայնով ըսաւ.- Գոհ ալ չեմ…
Վարդագոյն Զգեստաւորը գլուխը կախեց ու սկսաւ մատներուն ծայրով թրթռացնել տաւիղին ոսկի թելերը։ Աստուած իմ, նոյնիսկ ամէնէն անհեթեթ ձայները կրնան ամոքել պատռուած հոգիները… Առանց բան մը ըսելու կրկին տաւիղը թեւին տակ առաւ ու անհետացաւ։ Շարժուձեւին մէջ կար բան մը, որ կը յիշեցնէր Մոխրագոյն Զգեստաւորը։
Անմիջապէս ձեռքը տարաւ զգեստին ամէնէն խոր գրպանը, ուր պահած էր տարօրինակ փաթիլը։ Առանց գրպանէն հանելու մատներուն մէջ առաւ, շոյեց, շօշափեց եւ պաղ մտերմութեան զգացումը բռնեց ամբողջ հոգին։ Այդ պահուն աչքերը ինկան Վարդագոյն Զգեստաւորին կտրած փաթիլին վրայ։ Փայլքը գարնան առաջին բացուած կոկոնը կը յիշեցնէր։ Ա՛յս ալ յատուկ էր ու կ’արժէր պահելը։ Վերցուց, դրաւ պակաս խորունկ գրպան մը եւ անցաւ աշխատանքի։
Մկրատը քիչ մը աւելի թեթեւցած էր ձեռքին մէջ։
* * *
Վարդագոյն Զգեստաւորը սկսաւ յաճախ գալ։ Շատ չէին խօսեր, ընդհանրապէս կը նստէր քիչ մը անդին, տաւիղին ոսկի լարերուն հետ կը խաղար եւ փաթիլները նոր փայլք ու երանգ կ’առնէին։ Կատարեալին ալ աւելի կատարեալը կայ… եղեր…
– Չե՞ս կարօտնար փաթիլ կտրելը։
Վերջին լարէն տարօրինակ ձայն մը ելաւ ու լռութիւն տիրեց։
– Փաթիլ կտրած ատեն ինքզինքդ… ինքզինքդ… ապերջանիկ կը զգայի՞ր…
– Ա՛պ-եր-ջա-նի՜կ…
– Այո, ապերջանիկ…
– Այս տեղերուն չի վայլեր այդ բառը։
– Թերեւս, բայց զգացումը… աւելի յարմար բառ չեմ գտներ։
– Չե՞ս սիրեր աշխատանքդ։
– Աշխատանքը չէ որ չեմ սիրեր… պարզապէս… մինա՛կ եմ…
– Ինչո՞ւ մինակ ես, տե՛ս, շուրջդ բազմաթիւ փաթիլ կտրողներ կան։
– Անոնք խօսիլ չեն սիրեր… հոս ամէնքը այդպէս են, նոյնիսկ անիկա…
– Ո՞վ… Մոխրագոյն Զգեստաւո՞րը…
Ու նուագակցութեան մեղեդիէն կարծես սահեցաւ ոսկի փայլքը ու տեղը նստաւ գորշ, մոխրագոյն ամպ մը…
– Թերեւս եթէ երգել գիտնայի…
– Կ’ուզե՞ս սորվեցնեմ։
Անմիջապէս մօտեցաւ ու իր ուղղութեամբ երկարեց տաւիղը։
– Դպի՛ր լարերուն։
Քանի մը անգամ մատները լարերուն մօտեցան ու առանց դպնալու ետ քաշուեցան։ Վերջին փորձին մէկ մատով զարկաւ լարի մը, տարօրինակ ձայն մը տարածուեցաւ չորս դին։
– Վստահ որ առաջին փորձդ յաջող չÿըլլար։ Անգամ մըն ալ փորձէ… այսպէ՛ս։
Հետզհետէ տարօրինակ ձայները սկսան ձեւի մտնել, բայց կատարելութենէն, շա՜տ… շա՛տ հեռու էին։
– Կրկնութիւն, սիրելի՛ս… կրկնութեամբ անկարելին կարելի կ’ըլլայ, կարեւորը՝ չյուսահատիս, չձանձրանաս ու փորձես մինչեւ կատարելութիւն։
– Ամէն բան չէ որ կրկնութեամբ կը փոխուի։ Աւելի ճիշդը…
– Աւելի ճիշդը ի՞նչ։
– Մոռցի՛ր… կրնա՞մ նորէն փորձել…
Ինքն ալ չէր գիտեր, թէ ինչո՛ւ չուզեց պատմել այն մոխրագոյն պարապութեան մասին, որ ամբողջ էութիւնը երկուքի կը բաժնէր… Այո, ոսկեգոյն թրթռացումները բաւական կ’օգնէին այդ պարապութիւնը չզգալու… Ուրեմն՝ որոշեց տիրապետել կախարդական լարերու արուեստին։ Թո՛ղ անոր բացակայութիւնը հազար պարապութեամբ հազար տեղէն կտրտէ հոգին, ինք ունի ոսկի լարեր ու ոսկի մկրատ։
Եւ կրկնութիւնը անկարելին ըրաւ կարելի։
* * *
– Որովհետեւ… որովհետեւ, Տէ՛ր, կ’ըսեն մինակութիւնը միայն Ձեզի կը վայլէ…
– Մինակութի՜ւնը… նոյնիսկ Մեզի հաճելի չէ
– Ուրեմն, Տէ՛ր, կը հասկնաք…
– Դրդապատճառը կը հասկնամ, այդ ըսել չէ, ամէն պարագայի, որ արդարացուած է ըրածդ…
– Չեմ հասկնար, բայց… բայց ես ի՞նչ յանցանք գործեցի…
– Չէ՞ որ քու առաքելութենէդ շեղած ես…
– Չեմ շեղած, պարզապէս… երբեմն…
– Գիտե՛մ։
Անշո՛ւշտ գիտէր… Պահ մը լռութիւն տիրեց։
– Տէ՛ր, ես… ես պատրաստ եմ, ի՛նչ ալ ըլլայ պատիժը, բայց կ’աղաչեմ… կ’աղաչեմ… կ’աղաչեմ…
– Հանդա՛րտ… աւելորդ մի՛ յուզուիր։ Պատիժ եւ այլն չկայ, չէ՞ որ դո՛ւն պիտի գտնես քու ճամբան… Հակառակ ընդհանրացած կարծիքին՝ պարտադրել չեմ սիրեր… նուագդ բարելաւուա՞ծ է։
– Այդպէս ըսին…
– Կ’ուզեմ լսել։
Ու չես գիտեր ուրկէ, մօտեցաւ հրեշտակ մը, երկարեց իրեն ոսկեթել տաւիղ մը։
– Տէ՛ր, շատ պատրաստ չեմ…
– Վնաս չունի, կը լսեմ…
Առաջին քանի մը ձայները այնքան վայել չէին, բայց հետզհետէ երաժշտութիւնը կարծես թուլցաւ ու սկսաւ աւելի սահուն հոսիլ։ Յանկարծ զգաց մշուշոտ ներկայութիւն մը… բարձրացուց գլուխը եւ երկու զոյգ աչքեր իրար հանդիպեցան։ Երաժշտութիւնը սկսաւ թրթռալ նոր ելեւէջներով ու անոր հետ կը բարձրանար ու կ’իջնէր կուրծքը։ Անկէ ետք ինքն ալ չէր գիտեր ինչ պատահեցաւ, մատները յանկարծ դադրեցան ու թելը փրթաւ…
Վերջին անգամ ըլլալով՝ երկու զոյգ աչքերը իրարու հանդիպեցան, այս անգամ երկուքին միջեւ խոնաւութեան պատ մը կար կարծես… Խոնաւութիւնը հաւաքուած էր աչքերուն մէջ ու կը հոսէ՜ր, կը հոսէր…
Մոխրագոյն Զգեստաւորը խոնաւութեան մէջ չքացաւ, ու ա՛լ բնաւ չհանդիպեցան իրարու։
* * *
Երբ վերադարձաւ իր ամպը՝ ոչ մէկ բան առաջուան պէս էր։ Պահ մը նստաւ՝ ձեռքի ամէն մէկ պզտիկ շարժումը ծանր բեռ մը կը թուէր ըլլալ… կարծես լուծում չկայ։ Լուծո՞ւմ… ինչի՞ լուծում… ի՞նչ է այս զգացումը՝ անընդհատ լուծում գտնելու մղումը, ո՞ր հարցին լուծում, հա՛րցը ի՞նչ է… Կը թուի թէ հարցը լուծումն է, լուծումը՝ հարց եւ երկուքն ալ չկան… Այս ինչ տարօրինակ միտքեր են… Անոնց դէմ ինքը միայն մէ՛կ լուծում ունի, ձեռքը երկարեց գրպանը ու ոսկի մկրատին հետ բան մը ինկաւ…
Վարդագոյն Զգեստաւորին փաթիլն էր։ Վերցուց… Տարօրինակ ալիք մը կուրծքէն բարձրացաւ, անցաւ ուսին, թեւին, ափին… մատներուն, որ ամո՛ւր, ամուր սեղմեցին փաթիլը ու… փը՛թ… կաթիլը ափէն սահեցաւ վար, ամպէն ալ վար… Ան իր հոգեղէն աչքերը վերջին ծայր բացած հետեւեցաւ կաթիլին, որ իջաւ, իջաւ, հասաւ երկիր ու ծարաւ հողը զինք անմիջապէս ծծեց իր խորքը… Ամբողջ էութեամբ, կարծես կաթիլին հետ ներծծուած՝ բերկրանքներուն բերկրանքը կ’ապրէր…
Շուրջը նայեցաւ, այդ ի՞նչ էր… ձեռքը երկարեց հում նիւթին, որ արագ-արագ իր հպումներով կաթիլներու վերածուեցաւ ու սկսաւ հոսիլ… հոսիլ ի՛ր երաժշտութեան տարօրինակ ձայնով, հոսիլ մրոտ մայթերու, չորցած դաշտերու, առաջին համբոյրներու վրայ… հոսիլ ու հոսած տեղը վարդի կոկոներ բանալ, արցունքներ ծածկել, հառաչներ գողնալ, հոսիլ այն խոնաւութեան պէս, որ իր աչքերէն հոսեցաւ, երբ Մոխրագոյն Զգեստաւորը վերջին անգամ տեսաւ…
Յուշիկ Ղազարեան
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»