Յատկապէս սուրիական տագնապի սկիզբէն ի վեր սուրիական լիրային փոխարժէքը ամերիկեան տոլարին դիմաց մեր առօրեայ խօսակցութիւնները գրաւող նիւթերէն մէկը եղաւ: Յաճախ, նոյնիսկ առանց հիմքի կարծիքներ կը յայտնենք անոր շուրջ, երբեմն մեղադրելով, երբեմն գովաբանելով սուրիական կառավարութիւնը: Սակայն ինչպէ՞ս կ’որոշուի դրամանիշի մը փոխարժէքը, կամ ի՞նչ գործօններ կ’ազդեն անոր վրայ:
Պետութիւններ կ’ունենան երկու տեսակ տնտեսական քաղաքականութիւն, առաջինը՝ պիւտճէական քաղաքականութիւնն է, որ կառավարութիւններու տուրքերու մուտքին եւ անոր ծախսերուն միջեւ ստեղծուած հաւասարակշռութիւնն է, նպաստելու համար պետական հատուածի գոյատեւման ու զարգացման: Ան նաեւ երկրի տնտեսական տարբեր հատուածներուն միջեւ մրցունակութիւն եւ տնտեսական տոկոսային աճ ստեղծող քաղաքականութիւնն է: Երկրորդը՝ դրամային քաղաքականութիւնը, տուեալ երկրին կեդրոնական դրամատան դրամի մատակարարման քաղաքականութիւնն է, որուն նպատակն է երկրի դրամանիշին արժէքին պահպանումը եւ դրամի աշխոյժ շրջանառութիւնը ապահովել: Երկրի մը ընդհանուր տնտեսական քաղաքականութիւնը վերոյիշեալ երկու քաղաքականութիւններուն համահունչ ընթացքն է, նպատակադրելով ստեղծել կայուն աճ արձանագրող տնտեսութիւն:
Ամերիկայի 1927-ի տնտեսական տագնապէն մեկնելով, 1944-ին Պրեթն Ուուտի համաձայնագիրին համեմատ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը կապուեցաւ ոսկիին արժէքին, ուր ոսկիին մէկ կրամը համազօր էր մէկ ամերիկեան տոլարի: Օրուան իշխանութիւնները այս քայլին դիմեցին կայուն պահելու տոլարին փոխարժէքը եւ պաշտպանելու համար տնտեսական աճը սղաճէն: Սակայն, ժամանակի ընթացքին բացայայտուեցաւ, որ դրամանիշին փոխարժէքը մէկ գործօնի կապելով, տնտեսութիւնը կը կորսնցնէ իր ճկնութիւնը եւ դրամանիշին փոխարժէքը չի կրնար քայլ պահել տնտեսական աճին կամ անկումին հետ: Հետեւաբար 1971-ին, Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Նիքսընի ցնցիչ յայտարարութեամբ (Nixon shock) քակուեցաւ այդ կապը եւ միջազգային տնտեսութիւնը թեւակոխեց նոր փուլ մը, որ կը կոչուի քանակական դրամային քաղաքականութիւն (quantitative finance), որուն շնորհիւ կեդրոնական դրամատուներուն վստահուեցաւ առաւել մեծ դերակատարութիւն տնտեսական գործունէութեան մէջ:
Կեդրոնական դրամատուներուն սղաճին դէմ պայքարելու միջոցներէն մէկն է դրամանիշի գիշերային տոկոսի (overnight rate) բարձրացումը, որ կը նպաստէ կանխիկ դրամը շուկայէն վերացնելու եւ կեդրոնացնելու դրամատուներուն մէջ: Այս մէկը կը կոչուի դրամային պիրկ քաղաքականութիւն: Փախարէնը՝ պիւտճէական քաղաքականութեան շրջագիծէն ներս, նոյն նպատակին համար կառավարութիւններ տուրքերը կը բարձրացնեն: Հոս է, որ տնտեսութիւնը կը վերածուի քաղաքականութեան եւ քուէրակողները, անոնց դասակարգային խաւն ու բաժանումները մեծ ազդեցութիւն կ’ունենան կառավարութիւններու տնտեսական որոշումներուն վրայ:
Տնտեսական ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, դրամատուները կը հակին տոկոսները նուազեցնելու, նպաստելու համատ կանխիկ դրամին հոսքին դէպի շուկաներ, աշխուժացնելով դրամի շրջանառութիւնը, որովհետեւ տնտեսական անկումի պատճառով, մարդիկ աւելի ապահով կը նկատեն կանխիկ դրամը պահելը, քան զայն շրջանառութեան մէջ դնելը, հետեւաբար դրամի պահանջքը կ’աւելնայ, դրամանիշի փոխարժէքը կը բարձրանայ եւ կը ստեղծուի դրամի արժեքաւորում (deflation): Այս երեւոյթը պատերազմի շրջանին սուրիական լիրայի փոխարժէքի անկումը դանդաղեցնող ազդակներէն մէկն էր:
Վերոնշեալ երկու երեւոյթները՝ սղաճ (inflation) եւ դրամի արժեքաւորում (deflation), հաւասարապէս վտանգաւոր են տնտեսական կայունութեան վրայ, սակայն աւելի վտանգաւոր տարբերակն է stagflation-ը, ուր տնտեսական անկումին ու անգործութեան հետ կու գայ սղաճը, ինչ որ այսօր կը պատահի Սուրիոյ մէջ:
Հակառակ այս բոլորին, այսօր չկայ երկիր մը, որքան ալ զարգացած ըլլայ անոր տնտեսութիւնը, որ ամբողջովին անկախ ըլլայ այլ երկիրներու տնտեսութիւններէն, որովհետեւ այսօր, աշխարհի տնտեսութիւնները կ’ապրին փոխադարձ կապուածութեան վիճակ, ուր թէկուզ տարբեր համեմատութիւններով միասին աճ կ’արձանագրեն կամ անկում կ’ապրին: Այս երեւոյթին ամէնէն մեծ օրինակն է 2009-ի դրամական-տնտեսական տագնապը, որ Միացեալ Նահանգներէն ծայր առնելով հասաւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները, թէկուզ տարբեր տոկոսներով: Անկէ անմասն չմնաց նաեւ սուրիական տնտեսութիւնը, որ հակառակ անոր որ այդ ժամանակաշրջանին կ’ապրէր բարգաւաճ փուլ, Սուրիոյ կեդրոնական դրամատունը ստիպուեցաւ տոկոսները նուազեցնել, քայլ պահելու համար միջազգային տնտեսութեան հետ: Փոխադարձաբար, երբ զարգացած տնտեսութիւններ սկսան բարելաւուիլ եւ պիտի արձանագրէին նոր աճ, բարձրացող տնտեսութիւններու (imerging economies) մէկ քայլ ետ մնալը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու դրամային քաղաքականութեան ժխտական ազդեցութիւնը անոնց վրայ պատճառ դարձան, որ զարգացած տնտեսութիւններ չարձանագրեն պահանջուած աճը եւ ստիպուին հակառակ քաղաքականութիւն վարել:
 Խոցելի իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիա այսօր, հակառակ իր չափազանց անկայուն տնտեսութեան եւ դրամական անկումին, բարձրացող տնտեսութիւններու շարքին առաջատար դիրք կը գրաւէ արձանագրելով մօտաւորապէս 5% աճ, ինչ որ Թուրքիա կ’օգտագործէ սպառնալով մեծ պետութիւններուն, անոնցմէ քաղելու քաղաքական շահեր, որուն հետեւանքները առաւելաբար զգալի են Սուրիոյ մէջ: Սակայն գինովցած այս իրականութեամբ ինչպէս նաեւ 2016-ի ձախող յեղաշրջումին Էրտողանի կարծեցեալ յաղթանակով, Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները չեն անդրադառնար, որ մեծ պետութիւններ կ’աշխատին հետզհետէ գորգը քաշելու Էրտողանի ոտքերուն տակէն, որովհետեւ անոնց համար այլեւս էական է Թուրքիոյ լարախաղացի քաղաքականութենէն վերջնականապէս ձերբազատիլը: Ահա այդ պատճառով է, որ թրքական լիրան անբացտրելի անկումներ կ’ապրի, վերջին ութը տարիներուն արձանագրելով աւելի քան 400% անկում ԱՄՆ տոլարին դիմաց:
Տնտեսական անկումի պտուտահողմը կասեցնելու համար, կեդրոնական դրամատուները եւ կամ կառավարութիւնները իրենց ունեցած այլընտրանքներուն կողքին, կը կիրարեն շուկաները ցնցող մարտավարութիւն: Այս ցնցումի ալիքները կը նպաստեն ոչ միայն անկումի ընթացքը կասեցնելու, այլեւ զայն շրջելով տնտեսութիւնը առաջնորդելու դէպի աճ: Այս մղումով էր, որ 2019-ի Հոկտեմբերին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ անակնկալ յայտարարութեամբ մը եկաւ հաստատելու, որ հակառակ ինը տարուան պատերազմին եւ տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական ճնշումներուն, երկիրը ամբողջովին զերծ է արտաքին պարտքերէ: Այս ցնցիչ յայտարութեան նպատակն էր կասեցնել սուրիական լիրայի փոխարժէքին անկումը օտար դրամանիշներուն դիմաց: Սակայն ան իր նպատակին լի ու լի չծառայեց, որովհետեւ նախագահին ցնցիչ յայտարարութեան կողքին, կեդրոնական դրամատունը չվարեց զուգահեռ ցնցիչ դրամական քաղաքականութիւն: Այսուհանդերձ, ազգային գաղափարաբանութեամբ առաջնորդուող Սուրիոյ կառավարութիւնը, ամէն գնով կը պաշտպանէ երկրի խորհդանիշները, ներառեալ սուրիական լիրան եւ այնպէս ինչպէս հետամուտ է երկրի ամէն թիզ հողի ազատագրումին, այնպէս ալ մտադիր է վերականգնել երկրի ազգային տնտեսութիւնը, իմա՝ սուրիական լիրային փոխարժէքը, որովհետեւ անոր անկումը, որքան ալ ոմանց կարճ ժամկէտի վրայ շահաբեր թուի, երկար ժամկէտի վրայ կը սպառնայ երկրի տնտեսութեան:
Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն պատճառով օտար դրամանիշի հոսքը մեծ երկիրներէն դէպի Սուրիա ամբողջովին կասեցուած է: Հետեւաբար, տնտեսական աճի պարագային սուրիական տնտեսութիւնը պիտի վստահի դրացի երկիրներուն, ապահովելու համար օտար դրամանիշ: Մանաւանդ Հալէպի եւ Դամասկոսի ամբողջական ազատագրումէն ետք սկսիզբ առաւ տնտեսական վերաշխուժացում, բարձրացնելով օտար դրամանիշի պահանջքը: Այս մէկը կրնայ յաւելեալ ճնշում ստեղծել արդէն իսկ ծանրաբեռնուած Լիբանանի տնտեսութեան վրայ: Ահա թէ ինչպէ՛ս կը բախին տարածշրջանային եւ միջազգային քաղաքական հաշուարկները տնտեսական շահերուն հետ:
Յովիկ Ղազարեան